Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լարուածութիւն` Սայտայի Տար Ֆաթուային Շրջակայքը

May 22, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սայտայի Տար Ֆաթուայի շրջակայքը երէկ տիրեց սուր լարուածութիւն, որուն պատճառով մեծ թիւով ապահովական ուժեր դիրքաւորուեցան շրջանին մէջ` պահպանելու համար Սայտայի ապահովական կայունութիւնը եւ իրենց հակակշիռին տակ առնելու որեւէ կացութիւն:

Տար Ֆաթուային մէջ տիրող լարուածութիւնը երէկ ինքզինք փաստեց Սայտայի մէջ, երբ երկու միւֆթիներ ներկայ գտնուեցան նոյն Տար Ֆաթուային մէջ, նոյն պաշտօնը ստանձնելու համար:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի կողմէ Սայտայի միւֆթի նշանակուած շէյխ Ահմետ Նասսար երէկ առաւօտեան հասաւ Սայտա. անոր ընկերակցեցան շուրջ 10 երիտասարդներ, որոնք անուշ բերած էին իրենց հետ` նշելու համար այդ առիթը:

Սայտայի ընթացաւարտ միւֆթի Սելիմ Սուսան, որ իմացաւ այս մասին, ուղղուեցաւ դէպի Սայտայի Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ շէյխ Նասսարի հետ:

Շէյխ Նասսար յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան միւֆթիին որոշումները կը գործադրէ եւ եկած է պաշտօնապէս ստանձնելու իր պաշտօնը: Սակայն միւֆթի Սուսան մերժեց իր պաշտօնը յանձնել շէյխ Նասսարի:

Երկու միւֆթիներուն միջեւ լարուածութեան իբրեւ հետեւանք անոնց միացաւ հանրապետութեան միւֆթիին կողմէ գործուղուած Տար Ֆաթուայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շէյխ Հիշամ Խալիֆէի: Պատուիրակութիւնը միւֆթի Սուսանէն պահանջեց շէյխ Նասսարի յանձնել իր պաշտօնը եւ վերադարձաւ Պէյրութ:

Այս շրջագիծին մէջ, շէյխ Սուսան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նախկին վարչապետներու, ինչպէս նաեւ Սայտայի հեղինակութիւններուն հետ եւ զանոնք տեղեակ պահեց Սայտայի Տար Ֆաթուային մէջ կատարուածին մասին: Ան շեշտեց, որ շէյխ Նասսար զէնքի ուժով մուտք գործած է Տար Ֆաթուա:

Շէյխ Սուսան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք Սայտայի մէջ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները ստանձնել` աւելցնելով, որ երբ ինք հանգստեան կոչուելու օրինական տարիքին հասնի, խաղաղ կերպով պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն եւ անկէ ետք է, որ ուրիշներ կը ստանձնեն իր պաշտօնը:

Շէյխ Սուսան յայտնեց, որ եթէ այսօր շէյխ Նասսար Սայտայի Տար Ֆաթուա պիտի ներկայանայ իբրեւ կրօնական կալուածներու պաշտօնեայ, ապա ան բարի եկած է, սակայն իբրեւ Սայտայի միւֆթի անոր ներկայութիւնը ընդունելի չէ:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան միւֆթին հաստատեց, որ շէյխ Նասսարի նշանակումը կատարեալ օրինականութեամբ եղած է:

Նշենք, որ Սայտայի ապահովական սեղմ յանձնախումբը գումարեց իր նիստը եւ որոշեց ապահովական ուժերը դիրքաւորուած պահել Սայտայի մէջ, Տար Ֆաթուայի շրջակայքը` պահպանելու համար շրջանին կայունութիւնը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Անմիջապէս Կատարելու

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.