Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 22, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուներուն համաձայն, ան յայտնած է, որ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքով պիտի կատարուին, ապա այդ օրէնքը բարեփոխումի կարիք ունի: Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի արդէն իսկ իր խորհրդակցութիւններուն սկսած է երեսփոխանական պլոքներուն հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կատարած յայտարարութիւնները, թէ Դիմադրութեան զէնքը պէտք է զետեղել լիբանանեան բանակին տրամադրութեան տակ, վտանգաւոր կեցուածք է:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Տոհայի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն որեւէ ընտրական օրէնք, որ կը զլանայ յարգել քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովական կացութիւնը բռնկեցնելու փորձերը կրնան կրկնուիլ եւ այդ կացութիւնը աւելի եւս բարդացնել:

ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ խորհուրդը հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի միջեւ ստանձնած երթեւեկի ոստիկանի իր դերակատարութեան վերջ պիտի տայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կատարուած էր Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան ճնշումներով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Քուսայրի մէջ սուրիական բանակին կամ վարչակարգին յաղթանակը աննախատեսելի է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը շատ կարեւոր է:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ Լիբանանի սահմանադրութեան եւ չխուսափիլ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը երկարաձգելէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի Հըզպալլայէն պահանջեց Սուրիոյ մէջ կռուող իր մարտիկները տուն կանչել:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ Քուսայրի մէջ ձերբակալուած են 18 լիբանանցի զինեալներ, որոնք շէյխ Սալեմ Ռաֆիհիի խմբաւորումին կը պատկանին: Քանսօ աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ կռուող իւրաքանչիւր լիբանանցի զինեալի սպանութեան պարագային անոր ընտանիքը 50 հազար տոլար կը ստանայ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան մեծ սխալ մը գործեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայան մը չկառուցելու իմաստով:

 

Նախորդը

Սուրիա-Իսրայէլ Լարուածութիւն Էրտողան Կը Քննադատէ Սուրիոյ Մէջ «Հըզպալլայի Արտաքին Միջամտութիւն»-ը

Յաջորդը

Լարուածութիւն` Սայտայի Տար Ֆաթուային Շրջակայքը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.