Թրքական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ ձերբակալած են Ռէյհանիյէի ականահարումներուն հարցով գլխաւոր կասկածեալը եւ այժմ երկու այլ կասկածեալներ կը փնտռեն: Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ալեքսանտրէթի կառավարիչ Ժալալէտտին Լիքսիզ յայտնած է, որ ոստիկանութիւնը գլխաւոր կասկածեալը ձերբակալած է եւ այժմ երկու այլ կասկածեալներ կը փնտռէ: Ան նշած է, որ «կասկածեալները փորձեցին ականահարումներէն ետք Թուրքիա փախչիլ, սակայն սահմանին վրայ ապահովական միջոցառումներու ամրապնդումին պատճառով ձախողեցան»:
Կասկածեալը Ալեքսանտրէթի նահանգէն Մոհամետ Ճենիք անունով թուրք մըն է, եւ այն վարկածը գոյութիւն ունի, որ ականահարումներուն համար օգտագործուած 2 փոքր փոխադրակառքերը գնած է: Նշենք, որ մինչեւ այժմ բոլոր ձերբակալեալները թուրքեր են:


