
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ Ռուսիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Լաւրով յայտարարեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ կացութիւնը եւ տագնապի լուծման կարելիութիւնները` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է «Սուրիան միացեալ ու գերիշխանութեան տէր պահել, ինչպէս նաեւ տագնապի լուծման համար բոլոր խմբաւորումներուն մասնակցութեամբ սուրիական ներքին երկխօսութիւն մը պէտք է կատարուի»:
Ան շեշտեց, որ «Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովի մը գումարման առնչութեամբ միջազգային զօրակցութիւն գոյութիւն ունի»` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ լուծման հիմքը պէտք է հիմնուած ըլլայ Ժընեւի խորհրդաժողովի արդիւնքներուն վրայ:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ «սուրիական տագնապին շուրջ միջազգային խորհրդաժողովին պէտք է մասնակցին Սուրիոյ բոլոր դրացիները, որոնց շարքին` Սէուտական Արաբիան եւ Իրանը»` նշելով, որ իր երկիրը «աջակցած է քիմիական զէնքերու օգտագործման դէպքին շուրջ ՄԱԿ-ի կողմէ հետաքննութեան սուրիական կառավարութեան դիմումին»:
Լաւրով հարցումի մը պատասխանելով ընդգծեց, որ «Սուրիոյ կը մատակարարենք հակաօդային պաշտպանութեան զէնքեր, որոնք շրջանին մէջ հաւասարակշռութեան որեւէ խախտում պիտի չպատճառեն»:
Ան նշեց, որ «աշխարհի մէջ խնդիրները չեն նուազիր, սակայն անոնք պէտք է լուծուին ՄԱԿ-ի կեդրոնական դերակատարութեամբ»:
Քի Մուն իր կարգին նշեց, որ Լաւրովի հետ իր հանդիպումը «արդիւնաւէտ էր»: Ան մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու մագլցումին առնչութեամբ` աւելցնելով, որ պէտք է այդ բռնարարքները կասեցնել բանակցութիւններու ճամբով եւ պէտք է փոխադարձ համաձայնեցուած լուծում մը գտնել:
«Սուրիական տագնապը ամբողջ շրջանին վրայ կ՛ազդէ` յատկապէս Լիբանանին եւ Յորդանանին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման Ժընեւի խորհրդաժողովի գումարման կարեւորութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:
Քի Մուն ըսաւ, որ «Ռուսիա մեր դիմագրաւած բարդ հարցերուն լուծման համար քաղաքական կամք կը ցուցաբերէ»: Ան նշեց, որ նախարարներու միջեւ հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան Ժընեւի խորհրդաժողովին թուականը ճշդելու համար` աւելցնելով, որ «մեծ ջանքեր կը թափենք թուականի ճշդումին համար»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հետաքննիչ յանձնախումբի այցելութեան կարելիութիւնը պէտք է ապահովուի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճենիֆըր Փաքսի յայտարարեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի պիտի մասնակցի յառաջիկայ շաբաթ Յորդանանի մէջ գումարուելիք արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, իսկ Ուաշինկթըն արտաքին գործոց նախարարութեան տեղակալ Ուինտի Շըրմընը պիտի ուղարկէ Պոլիս` մասնակցելու համար սուրիական ընդդիմութեան խորհուրդի յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք նիստին:
ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու ղեկավար Հերվէ Լատսու յայտարարեց, որ զինեալ անծանօթ խմբաւորում մը չորեքշաբթի կանուխ առաւօտուն Կոլանի մէջ խաղաղապահ ուժերու երեք անզէն անդամներ առեւանգած են, ապա ազատ արձակած: «Մենք ուժերուն մասնակից երկիրներուն հետ սերտ կապի մէջ ենք` անոնց աշխուժ աջակցութիւնը պահպանելու համար, որովհետեւ անոնց աջակցութիւնը կենսական է», ըսաւ ան:
Իսրայէլ Սպառնական Պատգամ Մը
Փոխանցած Է Սուրիոյ
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Պրենըն անակնկալ այցելութեամբ մը հինգշաբթի գիշեր հասած է Իսրայէլ, ուր պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոնի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որ կեդրոնացած է Սուրիայէն Հըզպալլային փոխանցուող արդիական եւ վտանգաւոր զէնքերու փոխադրութեան հարցին վրայ:
Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, «Իսրայէլ Պրենընի ճամբով Սուրիոյ փոխանցած է սպառնական նամակ մը, որուն մէջ կը վստահեցնէ, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ Սուրիան ռմբակոծել, այնքան ատեն, որ դէպի Լիբանան զէնքի մաքսանենգումը կը շարունակուի»:
Եաալոն Պըրենընի ներկայացուցած է իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեանց հաւաքած այն տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ մէջ զէնքերու պահեստանոցներու կացութեան եւ այդ զէնքերը Հըզպալլայի փոխանցելու իրերայաջորդ փորձերուն:


