Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մայատին»-ի Հետ Հարցազրոյց. «Հայութիւնը Պիտի Շարունակէ Պայքարիլ` Մինչեւ Թուրքիա Ներում Հայցէ Եւ Հատուցում Կատարէ» Շեշտեց Վ. Եագուպեան

April 30, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան շաբաթավերջին «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ այդ մասին թրքական անտեղի ամբաստանութիւններուն ու պատմութեան նենգափոխումի փորձերուն:

Վ. Եագուպեան ըսաւ, որ աւելի քան 20 պետութիւն, ներառեալ Լիբանանը` իբրեւ միակ արաբական պետութիւնը, ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:

«Սփիւռքի մէջ գտնուող հայկական գաղութները լոպիինկի միջոցով մեծ ճնշումներ կը բանեցնեն իրենց երկիրներուն կառավարութիւններուն վրայ, որպէսզի անոնք Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնեն, որ վերջինս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայութեան վերադարձնէ անոր քաղաքական իրաւունքները»:

Պատասխանելով Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող որոշումին մասին հարցումի մը` Վ. Եագուպեան ըսաւ, որ այդ որոշումը հայութեան համար յաղթանակ է, իսկ Թուրքիոյ համար պարտութիւն` նկատի ունենալով, որ ան մինչեւ օրս կը շարունակէ ուրացումի իր քաղաքականութիւնը:

Վ. Եագուպեանի հետ հարցազրոյցին ընթացքին սփռուեցաւ «Մայատին»-ի կողմէ թուրք քաղաքական վերլուծաբան Քեմալ Պեյաթլըի հետ նախապէս կատարուած կարճ հարցազրոյց մը, որուն մէջ ան հայերը եւ յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութիւնը ամբաստանեց ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին թշնամիին հետ գործակցելու յանցանքով:

Վ. Եագուպեան պատասխանեց, թէ այդ ամբաստանութիւնը անճիշդ է, որովհետեւ 1914-ի ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին հայերը ծառայած են Օսմանեան բանակին մէջ` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ, եւ մեծ թիւով զոհեր տուած են: Ան յայտնեց, որ Անատոլուն հայութեան հայրենիքն էր եւ մինչեւ 1915 հոն կ՛ապրէին երկու միլիոն հարիւր հազար հայեր, իսկ 1915-էն ետք այդ թիւը նուազած է շուրջ 77 հազար հինգ հարիւրի` Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին յայտարարած թիւերուն համաձայն:

Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, որ կը վերաբերէր այն բանին, թէ հայերը մերժեցին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի առաջարկը, որուն հիման վրայ ան հայկական կողմը հրաւիրեց կազմելու պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ մը` քննելու համար այդ օրերու ցաւալի դէպքերը, Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ այս հարցին մասին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի կեցուածքը յստակ է. Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է եւ կարելի չէ քննարկել: Այդ դէպքերը վաւերագրուած են եւ այդ մասին օրին մեծ անձնաւորութիւններ արտայայտուած են, ինչպէս այդ օրուան Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկենթաու:

Վ. Եագուպեան եզրափակեց ըսելով, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիա հրապարակաւ ներում հայցէ եւ հատուցէ հայ ժողովուրդին:

 

Նախորդը

«Չեմ Մտածեր 15 Մայիսէն Առաջ Խորհրդարանը Նիստի Մը Հրաւիրել» Շեշտեց Նեպիհ Պըրրի

Յաջորդը

«Թուրքիա Նոր Գաղափարներ Առաջարկելով Դարձեալ Կ՛Ուզէ Աշխուժացնել Ղարաբաղեան Տագնապի Կարգաւորումը» Կ՛ըսէ Հիքմեթ Չեթին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.