Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ եւ Հիշամ Նասրէտտին:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իրենք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած են Պըրրիի մօտ` աւելցնելով, որ լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներուն յայտարարած այն լուրերը, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը Պըրրիի պիտի փոխանցէ Ժոմպլաթի «Ո՛չ»-ը, անճիշդ են:
Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ իրենք Պըրրիի հետ հասած են այն եզրակացութեան, որ անոր ներկայացուցած խառն ընտրական օրինագիծը յարմարագոյնը չէ:
Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ իրենց յարաբերութիւնը խորհրդակցութիւնները շարունակելու եւ աւելի լաւ ընտրական օրինագիծ մը մշակելու ջանքերը ընթացքի մէջ պահելու յարաբերութիւն են:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի մշակման շուրջ քննարկումները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ յանգիլ համախոհական ընտրական օրէնքի մը: Ան յոյս յայտնեց նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կը կատարուին:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ մղուող ամերիկեան-եւրոպական-սիոնական պատերազմը իր հետեւանքները եւ վտանգները կրնայ ունենալ ամբողջ շրջանին վրայ:
Ալի նշեց, որ պէտք է զգուշանալ շրջանին սպառնացող սադրանքներէն:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի Պըրրիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ քննարկումները կեդրոնացան Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան մը կազմութեան, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին շուրջ:
Խորհրդարանի նախագահը մաղթեց, որ բոլոր այս ջանքերը յանգին յստակ արդիւնքի մը:
Փլամպլի ընդգծեց նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ չէզոք կեցուածքը պահպանելու եւ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ ինք չի մտածեր 15 մայիսէն առաջ խորհրդարանը նիստի հրաւիրել, այլ կ՛աշխատի շարունակել իր ջանքերը` յանգելու համար համախոհական ընտրական օրէնքի մը:



