
ՀՅԴ մամլոյ գրասենեակը panorama.am լրատուական կայքէջին տեղեկացուցած է, որ ՀՅԴ-ն «Բարեւ դաշինք»-էն արդէն հրաւէր ստացած է եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան պիտի մասնակցի այսօր «Անի փլազա» պանդոկին մէջ կազմակերպուած համաժողովին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որեւէ ծրագիր կամ քայլերու յաջորդականութեան առաջարկ ՀՅԴ-ն պիտի ներկայացնէ՞ այդ քննարկման ժամանակ, ՀՅԴ մամլոյ գրասենեակը նշած է, որ ատիկա կախուած է քննարկման ընթացքէն եւ պիտի պարզուի տեղւոյն վրայ:
ՀՅԴ մամլոյ գրասենեակը նաեւ յայտնած է, որ այսօր ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը անպայման ելոյթ պիտի ունենայ:


