Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան այսօր հրաւիրած է քաղաքացիական ազգային համաժողովի, որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 18:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), «Անի փլազա» պանդոկին մէջ:
«Ասիկա պիտի ըլլայ քաղաքական ուժերու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ ազատ քաղաքացիներուն միջեւ մեր ազգային ապագային առնչուող աննախադէպ քննարկում», Յովհաննէսեանի գրասենեակին փոխանցումով ըսած է ան` աւելցնելով. «Մենք պիտի տանք պայքարի նոր շրջափուլի սկիզբը եւ միասին ձեռնամուխ պիտի ըլլանք նոր Հայաստանի կազմաւորման»:


