Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Ապրիլ 1963)

April 19, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Լիբանանի Ախոյեան

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր վերջին նիստին միաձայնութեամբ որոշած է 1962-1963 տարեշրջանի Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան հռչակել ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի խումբը, որ ախոյեանական մրցումներու ընթացքին իր արձանագրած փայլուն յաջողութիւններով առաջին տեղը կը գրաւէր կէտերու ընդհանուր դասաւորման մէջ:

ՀՄԸՄ գերազանցապէս արժանի է այս տիտղոսին, նկատի ունենալով, որ ոչ միայն ախոյեանական մրցումներուն, այլ նաեւ բոլոր այլ հանդիպումներու ընթացքին ոչ մէկ պարտութիւն արձանագրեց` հանդիսանալով Լիբանանի զօրաւորագոյն կազմը, միաժամանակ գնահատուելով դաշտերու վրայ ցուցաբերած իր մարզական բարձր ոգիին համար:

Լիբանանի Ախոյեանները

Նկարին վրայ` Լիբանանի նոր ախոյեանները.
Ոտքի ձախէն աջ` Ժոզեֆ Նալպանտեան, Սարգիսեան, Բարսեղ, Աբօ, Ճոքի, Սամիկ:
Նստած` Բրինձեան, Լեւոն, Մասրի, Զաւիկ, Կըրպօ եւ Եղիշէ:
Նկարէն կը բացակային` Գառնիկ եւ Զաւէն:

 

Կեանքը Շթորայի Մէջ

Վեհափառ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի վախճանման քառասունքը լրացաւ, սակայն մեր հոգւոյն թախիծը տակաւին կայ ու կը մնայ:

Մարդիկ կը մեռնին, եթէ մեր միտքին ու յիշողութեան մէջ մեռցնենք: Եթէ մենք մերժենք զանոնք մեռած նկատել, անոնք կ՛ապրին:

Մարտ 31-ին Շթորայի հայութիւնը կատարել տուաւ հոգեհանգիստ: Կրկին ողբ ու կոծ. ժողովուրդը մեծով-պզտիկով կը փնտռէր իր պաշտելի հովուապետը: Թէ՛ հոգեւոր հովիւը եւ թէ՛ բանախօսը յուզուած` կ՛արտասուէին:

Ապրիլ 14-ին կիրակի եւս Զահլէի Հայ օգնութեան խաչի վարչութեան խնդրանօք Անթիլիասէն հոս ղրկուած էին Տրդատ վրդ. Քէշիշեան, աւագ սարկաւագ Զոհրապ Պէրպէրեան եւ երկու դպիրներ:

Շթորայի հայութիւնը կրկին կը մասնակցէր զահլեցիներուն հոգեհանգիստին: Զահլէէն եկած էին Հայ օգնութեան խաչի վարչութիւնը` իր անդամուհիներով: ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը իր անդամներով: Երկու կազմակերպութիւններն ալ բերած էին ծաղկեպսակներ: Վերջին յարգանք մը ընելու գիտակցութեամբ, զահլեցի հաւատացեալ ընտանիքներ եւ ուրիշ յարանուանութեանց պատկանողներ նմանապէս եկած էին հոգեհանգիստին: Սրահը նեղ կու գար ժողովուրդին: Պատարագիչ վարդապետը Քրիստոսի յարութեան մասին խօսեցաւ տպաւորիչ քարոզ մը: Այլազան գեղեցիկ ծաղիկներով ողողուած շիրիմ մը պատրաստուած էր Զահլէի Օգնութեան խաչի վարչութեան ատենապետ Մարի Քէշիշեանին կողմէ, որ հոգեհանգիստի աւարտին վեհափառին մասին կարդաց յուզիչ գրութիւն մը եւ «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ»` կաթողիկոսին սիրած երգը երգուեցաւ:

Գ. Գ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ

1963 ապրիլ 15
Շթորա

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Բրիտանացիներուն Նախասիրած Փիքասոն Կ՛ուղղուի Քաթար

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.