ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Սիրոյ զգացումը զօրաւոր պիտի ըլլայ ձեր սրտին մէջ: Առանց երկմտելու` արտայայտուեցէք, որովհետեւ օրը լաւ առիթներ պիտի ընծայէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ինչ որ պատրաստած էիք օրուան համար իբրեւ աշխատանք կամ այլ ծրագիր, պիտի կարենաք իրագործել առանց դժուարութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր բախտը փորձեցէք առանց մտահոգուելու: Յոյսը իրաւունք կու տայ դէպի լաւատեսութիւն երկու քայլ յառաջանալու: Կեանքը ունի իր անակնկալը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կապ պահեցէք հեռաւոր վայր մը գտնուող ձեր բարեկամներուն կամ հարազատներուն հետ: Այսպիսով ձեր օրը կ՛ըլլայ ուրախ եւ դիւրատար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի արժանանաք քաջալերանքի, Ձեր աշխատանքը գնահատելի է, պիտի ունենաք ձեզի օգնելու պատրաստ անձեր: Ոչ մէկ մտահոգութիւն ունիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր գիտելիքները փոխանցեցէք ձեր շրջապատին մէջ գտնուող ձեզմէ փոքր անձերու: Անոնք շատ ուրախ եւ գոհ պիտի ըլլան: Օրը հաճելի է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մեծերուն մէջ կրնաք փոքր ըլլալ, բայց ունիք ձեր տեղն ու դերը: Այսօր կրնաք բախտաւորուիլ ու վերադառնալ ձեր լաւ օրերուն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մտիկ ըրէք այն մարդոց խօսքերը, որոնք ունին որոշ փորձառութիւն` կեանքի տաք ու պաղ օրերէն: Նոյն ատեն հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բարեկամներով շրջապատուած շաբաթավերջը կրնայ ունենալ հաճելի մթնոլորտ: Անոնց պատմեցէք ձեր յուշերը, մանաւանդ` ճամբորդութեան մը յուշերը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ապրեցէք օրուան տրամադրութեամբ: Յաջողութիւնը ձեզի հետ է, որովհետեւ գիտէք գործել ճիշդ յարմար ժամանակին: Մնացէք խաղաղ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր շուրջը գտնուող անձերուն հետ վարուեցէք այնպէս, ինչպէս որ են: Զանոնք փոխելը ուրիշին ձգեցէք: Անոնց հետ խօսեցէք բնական ձեւով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Համարձակ էք, պիտի կարենաք ձեր մտադրածը կատարել դիւրութեամբ: Ձեր շուրջը պիտի ստեղծէք հետաքրքրութիւն, որովհետեւ ձեր եռանդը պիտի փոխանցուի ձեր շուրջիններուն:
