Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Րաֆֆի Յովհաննէսեան Բաց Հացադուլի Սկսաւ Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

March 11, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները վիճարկող ընդդիմադիր ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ իր հրաւիրած հանրահաւաքէն ետք հացադուլի սկսաւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ:

«Եթէ 9 ապրիլին Սերժ Սարգսեան կեղծ երդում տայ սուրբ Աստուածաշունչին վրայ, եթէ վեհափառ հայրապետը պղծէ Աստուածաշունչը, օրհնելով ժողովուրդին հակասող, հալածող, ծաղրող, խեղող թեկնածուն, ատիկա իրենք պիտի ընեն իմ դիակիս վրայ», իր ելոյթին մէջ ըսաւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ աւելցուց. «31 մարտը Ս. Յարութեան օրն է` Զատիկն է: «Ես մինչեւ 31 մարտ, եւ անկէ ետք` մինչեւ 9 ապրիլ, եթէ իրենք ուժը չգտան իրենց մէջ, ես պիտի աղօթեմ անոնց համար: Մինչեւ սիրոյ, տղամարդկութեան, մարդկայնութեան եւ իմաստութեան պահը, ես կը յայտարարեմ մեր հրապարակին վրայ ոչ թէ իմ հացադուլս, այլ իմ կեղծիքադուլս, վախադուլս եւ ստադուլս: Եւ քանի տակաւին պարոն Սարգսեան հրաժարական չէ տուած հայրենիքին համար, մեր ժողովուրդի, իր թոռնիկներուն, իմ թոռնիկներուս եւ երեխաներուս ապագային համար, ես կը մնամ Ազատութեան հրապարակին վրայ եւ հաց պիտի չուտեմ եւ կեղծիք, սուտ եւ սպառնալիք պիտի չընդունիմ որեւէ մէկէն»:

«Եթէ Սահմանադրական դատարանը չուղղէ իր յետագիծը, եթէ ինք հակասահմանադրական, հակապետական վճիռ կայացնէ` խեղելով ժողովուրդին իրաւունքը եւ ընտրութիւնը, իրեն նոյնպէս պիտի ըսենք ցտեսութիւն եւ նաեւ մեր դատարանը միասին այստեղ պիտի ստեղծենք», նշեց Րաֆֆի Յովհաննիսեան` վստահեցնելով, որ իրենց ճամբան պիտի տանի դէպի յաղթանակ:

Ընդդիմադիր գործիչը յայտարարեց, որ այս ընթացքին իբրեւ «համազգային եւ համապետական հրամայական», Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի ձեւաւորուի «Ազգային համաձայնութեան մեր վարչակարգը»:

 

Նախորդը

Վարդանեան Չի Բացառեր, Որ ՀՅԴ-ն Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Մասնակցի Առանձին

Յաջորդը

Պոլսահայերը Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող Հայկական Եկեղեցիներ Ուխտագնացութեան Սկսած Են

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.