Panorama.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ, ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան չբացառեց, որ ՀՅԴ-ն 5 մայիսին տեղի ունենալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցի առանձին ցուցակով:
«Խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, բազմակի տարբերակներ կան: Կ՛ապրինք, կը տեսնենք», ըսաւ Ա. Վարդանեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ հաւանակա՞ն է, որ ՀՅԴ-ն համախմբուի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առանցքին շուրջ:
Յայտնենք, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի ընդլայնուած նիստին շաբաթ օր որոշում տրուեցաւ, որ կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն, ցուցակին առաջին տեղը կը գրաւէ նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան:
Panorama.am Աղուան Վարդանեանին հարցուց, թէ այս պահուն ՀՅԴ-ի համար առաւել հաւանական է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեա՞ն, թէ՞ Ժառանգութեան հետ համախմբումը: «Այս հանգրուանին հաւանական են բոլոր տարբերակները, ներառեալ` երրորդ տարբերակը, որ դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն երթայ առանձին», պատասխանեց Վարդանեան:


