Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իպրահիմի Սուրիական Կառավարութեան Եւ Ընդդիմութեան Կոչ Կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ի Կեդրոնատեղիին Մէջ Բանակցութիւններ Կատարելու

February 18, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լախտար Իպրահիմի

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտնեց, որ ինք տեղեակ չէ եղած սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի ներկայացուցած ծրագիրէն` վստահեցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին շուրջ իր առաջադրած նախաձեռնութիւնը տակաւին սեղանի վրայ է:

Ան Գահիրէի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ «կարելի է, իբրեւ երկխօսութեան ու տագնապի լուծման սկիզբ, սուրիական ընդդիմութեան եւ կառավարութեան միջեւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ բանակցութեան սկսիլ»` աւելցնելով, որ «Դամասկոս սուրիական տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու փափաք եւ երկխօսութիւն կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնեց»:

Իպրահիմի մէկ օր առաջ յայտնած էր նաեւ, որ ինք Սուրիոյ տագնապի` Ծերակոյտի կազմութիւն ներառող քաղաքական լուծման ծրագիրի մը հետ որեւէ կապ չունի, այդպիսի ծրագիրի մը մասին չէ լսած եւ ոչինչ գիտէ զայն գրողին մասին:

Յիշեցնենք, որ սուրիական Ժողովրդավարական բեմի անդամ Սամիր Աթիէ ուրբաթ օր այդպիսի ծրագիրի մը մասին խօսած էր:

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամ շեշտեց, որ ազգային երկխօսութիւնը Սուրիոյ տագնապի լուծման համար քաղաքական ծրագիրին հիմքն է: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ բոլոր զաւակները հրաւիրուած են ահաբեկչութեան դէմ կանգնելու:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լոտրիան շաբաթ օր յայտնած էր, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ աշխատանքի լծուիլ` «քաջալերելու համար առանց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի փոխանցման հանգրուանի մը կայացումը»:

Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ռէյմընտ Օտիրնօ յայտնեց, որ «Սուրիոյ տագնապին միջամտելու ծրագիրները պատրաստ են, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա սուրիական տագնապին դիւանագիտական լուծում մը կ՛ուզէ»:

Մինչ այդ, «ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, հաղորդեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Սուրիոյ հետ սահմանային Ճիլվեկէօզիւի անցակէտին վրայ ստուգման եռակի համակարգ սկսած են կիրարկել: Այսուհետեւ երթեւեկութեան բոլոր միջոցները, ներառեալ` հետիոտն անձերը մինչեւ Թուրքիոյ սահմանը անցնիլը պէտք է երեք հանգրուան ստուգումէ անցնին:

ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձրագոյն խորհուրդը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած սուրիացի գաղթականներուն թիւը բարձրանալով հասած է 283 հազարի:

Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հալէպի գիտական հետազօտութեանց կեդրոնին մէջ սուրիական բանակին մէկ գործողութեան ընթացքին թուրք սպաներ եւ շարք մը զինեալներ սպաննուած են:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Եւ Հունգարիա Կ՛ընդլայնեն Տնտեսական Համագործակցութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.