Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Եւ Հունգարիա Կ՛ընդլայնեն Տնտեսական Համագործակցութիւնը

February 18, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մօտիկ ապագային պիտի այցելեն Ազրպէյճան:

11-14 մարտին Պաքու պիտի ժամանէ պատուիրակութիւն մը` Հունգարիոյ գիւղատնտեսութեան զարգացման նախարար Կիւլա Պուտայի ղեկավարութեամբ: Պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ պիտի ըլլան պետական մարզի եւ առեւտուրի ներկայացուցիչներ, պիտի մասնակցի ազրպէյճանական-հունգարական միջկառավարական յանձնախումբի գիւղատնտեսական ենթայանձնախումբի առաջին հանդիպումին:

Բացի ատկէ, 15-17 մարտին Ազրպէյճան պիտի այցելէ Հունգարիոյ ազգային տնտեսութեան նախարար Փալ Վելներ, իսկ մօտիկ ապագային` տնտեսական զարգացման նախարար Նեմեթ Լասլոնէ:

Ազրպէյճանի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատունէն «Թրենտ»-ին յայտնած են, որ «Հունգարիան հետաքրքրուած է «Նապուքօ Ուեսթ» նախագիծով: Ատիկա մեզի համար շատ հետաքրքրական է եւ կարեւոր` Եւրոպայի, յատկապէս Հունգարիոյ ուժանիւթային անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Մենք յոյս ունինք ստանալ Ազրպէյճանի աջակցութիւնը»:

«Նապուքօ Ուեսթ»-ը կը նախատեսէ 1300 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակաշարի կառուցում (Պուլկարիոյ մէջ 421 քիլոմեթր, Ռումանիոյ մէջ` 469, Հունգարիոյ մէջ` 384, Աւստրիոյ մէջ` 47)` թուրք-պուլկարական սահմանէն մինչեւ աւստրիական Պաումկարթէ:

Այժմ «Նապուքօ» նախագիծի բաժնետէրերն են աւստրիական ՕՄՎ-ն, հունգարական ՖԿՍԶ-ն, պուլկարական «Պուլկարկազ»-ը, ռումանական «Թրանսկազ»-ը, թրքական ՊՈԹԱՇ-ը եւ գերմանական ՌՎԻ-ն:

Խողովակաշարի ուղիի ընտրութեան վերջնական որոշումը կը սպասուի յունիս 2013-ին:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ տնտեսական սերտ համագործակցութիւնը թափ ստացաւ յատկապէս անցեալ տարուան օգոստոսի վերջաւորութեան` հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացնահարած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին Հունգարիոյ կողմէ Ազրպէյճանի արտայանձնումէն ետք:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Մէջ Ինկած Երկնաքարային Անձրեւին Պատճառով Արձանագրուած Վիրաւորներուն Թիւը Բարձրացաւ 1240-ի

Յաջորդը

Իպրահիմի Սուրիական Կառավարութեան Եւ Ընդդիմութեան Կոչ Կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ի Կեդրոնատեղիին Մէջ Բանակցութիւններ Կատարելու

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.