Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Կը Դատապարտէ Սուրիոյ Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Գիտակցելու Անոր Վտանգին

February 1, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ զինուորական գիտական կեդրոնններէն մէկուն դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումին, որ կը համապատասխանէ իսրայէլեան էութեան մէջ արմատացած բռնարարքներու ու կործանարար դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ իսկական գործադրութիւնն է արաբական կամ իսլամական որեւէ երկրի արգիլելու զինուորական եւ արհեստագիտական իր կարողութիւնները բարելաւելու:

Հըզպալլա խստիւ դատապարտեց սիոնական գոյացութեան գործած այս բռնարարքը` ընդգծելով, որ այս յարձակումը կը բացայայտէ երկու տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ գործուած սպանութիւններուն եւ ահաբեկչութեան իսկութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր նպատակները` քանդելու Սուրիան, տկարացնելու անոր բանակը եւ ի վերջոյ Իսրայէլի դիմադրութեան առումով անոր առանցքային դերակատարութիւնը:

«Սուրիոյ դէմ նախանցեալ օրուան յարձակումը արժանի է միջազգային ընտանիքին եւ արաբական ու իսլամական բոլոր երկիրներուն կողմէ ընդարձակ դատապարտումի, սակայն ինչպէս վարժեցուցած է մեզի միջազգային ընտանիքը, նման դէպքերու պարագային իր լեզուն կուլ կու տայ եւ քար լռութեամբ կը պատասխանէ, երբ արարքը գործողը Իսրայէլն է», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հըզպալլա կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ ղեկավարութեան, բանակին եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց գիտակցելու Սուրիան թիրախ դարձնելու վտանգին:

Հըզպալլա անհրաժեշտ նկատեց Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան կասեցումը եւ ընդգծեց, որ երկխօսութիւնը պէտք է ըլլայ միակ միջոցը` պահպանելու համար Սուրիան եւ թշնամիներուն դէմ անոր դերակատարութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Նախագահ Սլէյման Քաղաքական Կողմ Կը Նկատուի, Իսկ 1960-ի Ընտրական Օրէնք Այլեւս Գոյութիւն Չունի»

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Քարամէն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.