Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ. «Նախագահ Սլէյման Քաղաքական Կողմ Կը Նկատուի, Իսկ 1960-ի Ընտրական Օրէնք Այլեւս Գոյութիւն Չունի»

February 1, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վերածուած է քաղաքական կողմի մը, որ իր տեղը պիտի ունենայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին: «Թերեւս ան նաեւ այս կամ այն կողմին խոստացած է Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ աւելցուց, որ այն պատճառները, որոնք Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը հակասահմանադրական կը դարձնեն, կը վերաբերին նաեւ 1960-ի ընտրական օրէնքին, որ նոյն պատճառներով հակասահմանադրական կը նկատուի: «Հետեւաբար, այլեւս 1960-ի ընտրական օրէնք գոյութիւն չունի», ըսաւ ան` աւելցնելով իր կառչածութիւնը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին եւ նկատել տալով, որ ինք պատրաստ է քննարկելու որեւէ օրինագիծ, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները քրիստոնէական առումով ստիպուած են Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին համաձայն ըլլալու, «սակայն արդեօք անոնք պիտի կարենա՞ն թեր քուէարկել այդ օրինագիծին: ՊԷտք է սպասել ու տեսնել», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Ֆրենժիէ ըսաւ, որ Մուսթաքպալ ոչ մէկ ձեւով պիտի ուզէ այսօրուան իր ունեցածէն զիջիլ, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ օր մը օրանց Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս չէ կազմած:

Ան յայտնեց, որ թէեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները շատ կարեւոր են, սակայն Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը սրբութիւն է, «հետեւաբար մենք երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել չենք փափաքիր, բայց եւ այնպէս չենք ուզեր խնդիրին զօրակցիլ», աւելցուց ան:

Ֆրենժիէ նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին այնպիսի ընտրական օրէնքով մը, որուն շուրջ լիբանանցիները համաձայն գտնուին` շեշտելով, որ քաղաքական իրենց դաշինքը անքակտելի է:

Սուրիոյ իրավիճակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը բացառիկ է` աւելցնելով, որ սուրիական վարչակարգը օրըստօրէ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ, մինչդեռ սուրիական ընդդիմութիւնը հետզհետէ անհամբեր կը դառնայ եւ կ՛աճապարէ բանակցութիւնները աւարտելու:

 

 

 

Նախորդը

Մանսուր. «Խստիւ Կը Դատապարտենք Սուրիոյ Դէմ Գործուած Իսրայէլեան Յարձակումը»

Յաջորդը

Հըզպալլա Կը Դատապարտէ Սուրիոյ Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Գիտակցելու Անոր Վտանգին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.