Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Քրտական Կուսակցութիւնը Դատապարտած Է Պոլսոյ Մէջ Հայ Կիներու Դէմ Գործադրուած Բռնարարքները

January 30, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիւլթան Քըշանաք

Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը դատապարտած է Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայ տարեց կիներու դէմ վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին գործուող բռնարարքները:

Կուսակցութեան համանախագահ Կիւլթան Քըշանաք յիշեցուցած է, որ Սամաթիոյ մէջ վերջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին հինգ կիներ յարձակումի ենթարկուած են: Անոնցմէ մէկը զոհուած է, իսկ միւսները` վիրաւորուած: «Այս յարձակումներուն պարբերական բնոյթն ու գործադրման ձեւը ցոյց կու տան, որ անոնք ատելութեան հողի վրայ կը գործուին: Անոնք ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան դրսեւորումով կատարուած յարձակումներ են», ըսած է ան: Իբրեւ փաստ` Քըշանաք նշած է, որ այդ յարձակումներէն մէկուն ընթացքին սպաննուած 84-ամեայ կնոջ սեղանին վրայ դրամ մնացած էր, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ յանցագործը գողութեան նպատակ չէ ունեցած:

«Գիտենք, որ այս երկրին մէջ հայերը ինչպէ՛ս ոչնչացուած են, կոտորուած են, ատիկա Թուրքիոյ ոչ հին անցեալի` տակաւին ցաւցնող վէրքն է: Այժմ անոնց կեանքի անվտանգութիւնը չապահովելը, անոնց խաղաղ կեցութիւնը չապահովելը այս երկրին ամօթն է: Այս յարձակումները արդէն մէկուկէս ամիսէ ի վեր կը շարունակուին, սակայն ո՛չ ոստիկանութիւնը, ո՛չ կառավարութիւնը որեւէ մեկնաբանութիւն կ՛ընեն: Ասիկա այս երկրին համար ամօթալի է», ըսած է ան:

Կիւլթան Քըշանաք նաեւ նշած է, որ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւնը իբրեւ կուսակցութիւն, կը դատապարտէ այս յարձակումները եւ կը տեղեկացնէ, որ իրենք հայ հայրենակիցներուն կողքին են եւ չեն պատրաստուիր որեւէ ատեն զանոնք մինակ ձգելու: «Կառավարութենէն եւ ոստիկանական ուժերէն կը պահանջենք մէկ վայրկեան առաջ ձերբակալել մեղաւորները», ըսած է ան:

 

Նախորդը

«Միջազգային Ներում»-ը Կը Պահանջէ Արագ Եւ Անկողմնակալ Կերպով Հետաքննել Պոլսոյ Մէջ Հայ Կիներու Դէմ Իրականացուող Բռնարարքները

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Կը Հերքէ Հոլլանտի Հայաստան Այցելութեան Լուրը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.