«Միջազգային ներում» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ Պոլսոյ մէջ հայ տարեց կիներու դէմ յարձակումներու շարքի արագ, համակողմանի եւ անկողմնակալ հետաքննութիւն սկսելու:
Կազմակերպութիւնը կը յիշեցնէ, որ անցեալ երկու ամիսներուն ընթացքին Պոլսոյ կեդրոնին մէջ եւ պատմականօրէն հայերով բնակուած Սամաթիա շրջանին մէջ չորս յարձակում կատարուած է: Բոլոր չորս կիները եղած են հայկական ծագումով Թուրքիոյ քաղաքացիներ:
Թրքական իշխանութիւնները պարտաւոր են հետաքննել այդ յանցագործութիւններուն ենթադրեալ ցեղապաշտական կամ կրօնական բնոյթը եւ քննել զանոնք` համապատասխան Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտին:
«Ցաւալի է, որ Թուրքիոյ օրէնսդրութիւնը չի նախատեսեր որեւէ օրէնսդրական եւ քաղաքական միջոցառում` երաշխաւորելու ատելութեան շարժառիթներու համակարգուած եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնն ու պատշաճ կերպով հաշուի առնուիլը: Ոստիկանութիւնը կը պնդէ, որ իրենք դէպքերը կը քննեն մանրակրկիտ կերպով: Սակայն «Միջազգային ներում» կազմակերպութիւնը մտահոգ է հրապարակային յայտարարութիւններով, որոնք կատարուած են պաշտօնատարներու կողմէ` հաշուի չառնելով յարձակումներու ցեղապաշտական շարժառիթներ ունենալու հաւանականութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«Միջազգային ներում» կազմակերպութիւնը կը հաւատայ, որ թրքական իշխանութիւնները պէտք է հետաքննեն այս յարձակումները` առանց անտեսելու անոնց հաւանական ատելութեան շարժառիթները եւ քայլերու պէտք է ձեռնարկեն` հետագայ յարձակումները կանխարգիլելու համար:


