Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտական Բանակի Սպայակոյտի Պետը «Պետութեան Փլուզում»-էն Կը Զգուշացնէ

January 30, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ապտուլֆաթթահ Սիսի երէկ զգուշացուց, որ ներկայ քաղաքական տագնապը «կրնայ պետութեան փլուզման առաջնորդել»: Ան բանակի Դիմատետրի էջին վրայ զետեղուած խօսքի մը մէջ յայտնեց, որ այդպիսի փլուզում մը կրնայ «ապագայ սերունդները վտանգել»:

Սպայակոյտի պետը այդ զգուշացումը կատարեց Սուեզի ջրանցքի երկայնքին կրակմարի դրութեան տակ գտնուող երեք քաղաքներու մէջ բանակային մեծ ուժի մը տեղակայումէն ետք:

Երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Փոր Սայիտի, Իսմայիլիայի եւ Սուեզի մէջ հազարաւորներ` անտեսելով հաստատուած կրակմարը, փողոց դուրս եկան: Երեքշաբթի օր ցուցարարները դարձեալ Փոր Սայիտի մէջ փողոց դուրս եկան` մասնակցելու համար քաղաքին մէջ արձանագրուած վերջին զոհերու յուղարկաւորութեան:

Ընդդիմութիւնը մերժած էր Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի երկխօսութեան հրաւէրը: Եգիպտոսի նախագահական նախկին թեկնածու Ապտել Մընհեմ Ապուլֆութուհ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ «նախագահ Մուրսիի հետ տարակարծիք ենք, սակայն Եգիպտոսի մէջ ազգային երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի»: Իսկ «6 ապրիլ-ժողովրդավարական ճակատ»-ի գործավարը յայտարարեց, որ «ցոյցերուն մասնակից ենք, եւ մեր նպատակը «Իսլամ եղբայրներու պետութեան» տապալումն է»:

Նշենք, որ Եգիպտոսի մէջ վերջին երեք օրերուն ընթացքին արձանագրուած են 47 զոհեր եւ 1611 վիրաւորներ:

 

 

Նախորդը

Նեթանիահու Ազգային Ապահովութեան Իր Խորհրդականը Ռուսիա Ուղարկած Է` Քննարկելու Համար Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերու Հարցը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Զաքաթալայի Շրջանին Մէջ Խռովութիւնը Կը Հասուննայ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.