Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու Ազգային Ապահովութեան Իր Խորհրդականը Ռուսիա Ուղարկած Է` Քննարկելու Համար Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերու Հարցը

January 30, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շալոմ եւ Նեթանիահու

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ազգային ապահովութեան իր խորհրդականը` Եաքոպ Ամիտրորը Մոսկուա ուղարկած է` ռուս պաշտօնատարներուն հետ սուրիական քիմիական զէնքերու հարցը քննարկելու համար:

Օրաթերթը կը նշէ, որ «Ամիտրոր հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ ազգային ապահովութեան խորհրդատու Նիքոլայ Փեթրոշեւի հետ, որպէսզի անոնցմէ խնդրէ աշխատանք տանիլ սուրիական քիմիական զէնքերու ահաբեկչական կազմակերպութեանց փոխանցումը կանխարգիլելու»:

Մինչ այդ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի, ներառեալ` Հայֆայի մէջ «Պողպատեայ գմբէթ»-ի հակահրթիռային համակարգի հրթիռներ տեղակայած է: Իսրայէլեան բանակէն բանբեր մը իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այդ համակարգերու տեղակայումը «Պողպատեայ գմբէթ»-ը ուժի մէջ մտցնելու միջոցառումներու ծիրին մէջ առնուած քայլ մըն է:

Իսրայէլեան բանակէն այլ աղբիւր մը հերքեց, թէ անիկա Սուրիոյ զարգացումներուն վերաբերեալ իսրայէլացի պաշտօնատարներու յայտարարութեանց հետ կապ ունի:

Նշենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք կիրակի օր արտասահման իր այցելութիւնը ընդհատելով վերադարձաւ Իսրայէլ:

Իսրայէլ Կը Խոստանայ Սուրիան Հարուածել

Նեթանիահու Քիմիական Զէնքերու
Հըզպալլայի
Փոխանցումէն Կը Զգուշացնէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի նիստի բացումին իր արտասանած խօսքին մէջ` անդրադառնալով իրանեան այն սպառնալիքին, թէ Իրան Սուրիոյ կողքին պիտի կռուի, եթէ արտաքին որեւէ յարձակումի ենթարկուի, սուրիական քիմիական զէնքերու Հըզպալլային փոխանցուելու կարելիութենէն զգուշացուց:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու աւելցուցած է, որ «այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար պէտք է Իսրայէլի մէջ համաձայնական ընդարձակ  եւ կայուն կառավարութիւն մը կազմել»:

Իսրայէլի փոխվարչապետ Սիլվան Շալոմ յայտարարեց, որ քիմիական զէնքերուն վրայ Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տկարացման շուրջ որեւէ նշան կրնայ իսրայէլեան զինուորական հարուածներու յանգիլ:

Շալոմ ըսաւ, որ եթէ Հըզպալլա կամ սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը սուրիական քիմիական զէնքեր ձեռք ձգեն, «այդ մէկը նկատառելի կերպով պիտի փոխէ այդ կազմակերպութեանց կարողականութիւնը»:

Այդպիսի զարգացում մը «կարմիր գիծի շրջանցում մը պիտի ըլլայ, որ այլ տեսակի մօտեցում մը, ներառեալ` մինչեւ իսկ կանխարգելիչ գործողութիւններ պիտի պահանջէ», ըսաւ ան:

«Գաղափարը, սկզբունքով, այն է, որ ասիկա (քիմիական զէնքերու փոխանցումը) տեղի պէտք չէ ունենայ», ըսաւ Շալոմ: «Այն պահուն, որ կը սկսինք զգալ, որ այդպիսի բան մը հաւանական է, որ պատահի, պիտի ստիպուինք որոշումներ որդեգրել»:

Իսրայէլի քաղաքացիական պաշտպանութեան նախարար Աւի Տիխթըր իր կարգին Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին հետ անջատ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա «փլուզման եզրին է»: Սակայն պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իսրայէլ անմիջական վտանգ մը կը նկատէ՞, Տիխթըր ըսաւ. «Ոչ, ոչ տակաւին: Կ՛ենթադրեմ, որ երբ հարցեր մեզի վտանգ ներկայացնեն, Իսրայէլի պետութիւնը ատկէ տեղեակ պիտի ըլլայ»:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Ժողովրդային Ապստամբութեան Հաւանականութի՞ւն

Յաջորդը

Եգիպտական Բանակի Սպայակոյտի Պետը «Պետութեան Փլուզում»-էն Կը Զգուշացնէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.