
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանին մէջ ընտրական օրէնքին շուրջ քննարկումները շարունակուին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերը արդիւնաւորուին, ապա կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը:
Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած հիւպատոսական անձնակազմին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ հակառակ ընտրական օրինագիծերուն շուրջ ծագած բանավէճին, քննարկումներն ու խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին եւ արդէն իսկ սկսած է համամասնական դրութեան սկզբունքին նկատմամբ համաձայնութեան տոկոսը բարձրանալ:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը յստակ է եւ հաստատ, իսկ ընտրական օրէնքը շարժական է:
«Քաղաքական ոչ մէկ ուժի մօտ շօշափեցի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելէ խուսափելու փորձ մը», աւելցուց Միքաթի:
Ան շեշտեց, որ ինք Լիբանանի տնտեսական ապագային նկատմամբ լաւատես է:
Սուրիոյ տագնապին մասին Միքաթի ըսաւ, որ տարիներ շարունակ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ ազդեցութիւնը նկատառելի եղած է` շեշտելով, որ Սուրիա ներկայիս տագնապալի իրավիճակի մը մէջ է եւ իբրեւ այդպիսին Լիբանան չէզոք կեցուածք որդեգրած է, որպէսզի կարենայ այդ տագնապին ազդեցութիւնները երկրէն հեռու պահել:
Վարչապետ Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց, որ Քուէյթի մէջ տեղի ունենալիք Նուիրատու երկիրներուն խորհրդաժողովին ընթացքին կատարուին այնպիսի օժանդակութիւններ, որոնք կը վերաբերին սուրիացի գաղթականներուն կարիքներուն:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերու ներկայացուցիչ Վալերի Ամոսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան եւ միջազգային խորհուրդներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները` լուծելու համար Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որ յայտնեց, թէ ինք ողջունած է Միքաթիի ի գործ դրած ջանքերը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:
Ան նշեց, որ քննարկած են նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ գաղթականներուն թիւը հասած է 215 հազարի:
Էխհորեսթ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փաուլի շեշտեց, որ ինք կ՛ակնկալէ, որ Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած Ժորժ Ապտալլայի ազատ արձակումը պահանջելու արշաւը աւելի եւս աշխուժանայ:


