Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած ազգային եւ շրջանային մարտահրաւէրները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ընտրական որոշ օրինագիծեր:
Նշենք, որ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ երեսփոխան Պութրոս Հարպի հետ:
Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին երեսփոխաններ Ֆարես Սուէյտի եւ Սամիր Ֆրենժիէի հետ:
Կը նախատեսուի, որ Հարիրի այսօր հանդիպում մը ունենայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի աղբիւրներ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Մուսթաքպալի որոշումը վերջնական է եւ անփոփոխ` չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստին չմասնակցելու առումով:


