Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Իսմայիլլի Քաղաքին Որոշ Շրջաններուն Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուած Է

January 28, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի Իսմայիլլի քաղաքի ծայրամասային քանի մը շրջաններուն մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է:

Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ խստացուած են անվտանգութեան միջոցառումները նաեւ դրացի Կէօքչայ, Աղսու եւ Շամախի քաղաքներուն մէջ:

Նախապէս ներքին ապահովութեան զօրքերը Իսմայիլլիի շրջանի գործադիր մարմինի շէնքին մօտ հաւաքուած ցուցարարներու ուղղութեամբ արցունքաբեր կազ օգտագործած էին եւ ռետինէ գնդակներով փամփուշտներ արձակած:

Ցուցարարները պատասխանած էին քարերով ու մահակներով: Երկու կողմերէն ալ արձանագրուած են վիրաւորներ: Քանի մը տասնեակ մարդ ձերբակալուած է: Ձերբակալեալներուն շարքին են քանի մը ընդդիմադիր գործիչներ, ներառեալ` ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան փոխնախագահ Թոֆիք Եաքուպլուն:

Ներքին ապահովութեան ուժերը շրջափակած են Իսմայիլլի քաղաքի մուտքերը եւ չեն արտօներ, որ որեւէ փոխադրական միջոց ներս մտնէ: Փակ են համացանցի ակումբները, իշխանութիւնները այդ ձեւով կը փորձեն արգելք հանդիսանալ, որ անկարգութիւններուն առնչուող որեւէ տեսանիւթ համացանցի վրայ յայտնուի:

Անկարգութիւնները սկսած էին 23 յունուարի երեկոյեան` քաղաքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք: Քաղաքի բնակիչներուն պնդումով Ազրպէյճանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ֆիզուլի Ալեքպերովի որդին Իսմայիլլիի «Չիրակ» պանդոկէն դուրս եկած ատեն ինքնաշարժով հարուածած է մօտակայքը կանգնած հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժ մը: Երկու վարորդներուն միջեւ սկսած է վէճ մը, որ շուտով վերածուած է ծեծկռտուքի:

Ըստ «Քոնթաքթ.ազ» կայքէջին, հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժի վարորդին օգնութեան հասած են տեղւոյն բնակիչները եւ «լաւ մը» ծեծած են նախարարին որդին:

Միջադէպէն ետք մարդիկ այրած են «Չիրակ» պանդոկը, որ կը պատկանի նախարարի ընտանիքին, փորձած են այրել նաեւ շրջանի ղեկավարին` Նազիմ Ալեքպերովի (նախարարի եղբօր) տունը, սակայն ձախողած են:

Արեւածագէն առաջ բողոքի ցոյցերը դադրած են. առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ մարդիկ սկսած են հաւաքուիլ շրջանի գործադիր մարմինի շէնքին մօտ: Անոնք յայտարարած են, որ տուն պիտի չերթան, մինչեւ որ շրջանի ղեկավարը հրաժարական չտայ: Որոշ ցուցարարներ նաեւ նախարարի հրաժարականը պահանջած են:

Ինչպէս ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կ՛ընդգծէ, միջադէպը առիթ դարձած է, որ Իսմայիլլիի բնակիչները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեն երկրին ծանր վիճակին առնչութեամբ: Ցուցարարները դժգոհած են, որ սակաւապետերը բառին բուն իմաստով զիրենք կը կեղեքեն, սեփականացուցած են արօտավայրերը, արտերը, անտառները: «Մենք յոգնած ենք գործազրկութենէն, աղքատութենէն ու երկրին մէջ տիրող վախի մթնոլորտէն», «Թուրան»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է ցուցարարներէն մէկը:

Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները կը պնդեն, որ միջադէպը տեղի ունեցած է ոչ թէ նախարարի որդիին, այլ «Չիրակ» պանդոկի տնօրէնին հետ: Ըստ անոնց, միջադէպին երկու մասնակիցներն ալ ձերբակալուած են:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ ապահովական մարմինները կը խոչընդոտեն լրագրողներու աշխատանքը:

 

Նախորդը

Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Հանդիսաւոր Պատարագ` Սուրբ Սարգիսի Տօնին Առիթով

Յաջորդը

Եգիպտոսի Տարածքին Խռովարարութիւնները Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Կը Պատճառեն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.