Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Հանդիսաւոր Պատարագ` Սուրբ Սարգիսի Տօնին Առիթով

January 28, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 27 յունուարին, հանդիսաւորապէս եւ ժողովրդային ուրախութեան մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը: Առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հասաւ Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամաս, ուր ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբին առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային դիմաւորում եւ ոչխարի զենում:

Ապա առաջնորդ սրբազանը Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամներու, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ընկերակցութեամբ հետիոտն ուղղուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր նախագահեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին:

Առաջնորդ սրբազանը իր արտասանած քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքին եւ շեշտը դրաւ ազգային աւանդութիւնները եւ արժէքները պահպանելու անհրաժեշտութեան վրայ: Հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնէքը:

Ս. Սարգիսի անուանակոչութեան տօնը կանխեց օր մը առաջ, շաբաթ, 26 յունուարին, եկեղեցւոյ թաղականութեան կազմակերպած ժողովրդային տօնախմբութիւնը` եկեղեցւոյ փողոցին մէջ:

Արդարեւ, շաբաթ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Նոր Սիս թաղամասը ստացաւ տօնական տեսք: Դէպի եկեղեցի առաջնորդող փողոցը զարդարուեցաւ եռագոյն դրօշներով եւ սկաուտական կամարներով: Փողոցը օժտուեցաւ յատուկ բեմով: Փողոցի երկայնքին հաստատուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած տաղաւարներ, որոնք ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը ներգրաւեցին իրենց շուրջ: Բարձրաձայն սփռուող հայկական երաժշտութիւնը յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջանին մէջ:

Տաղաւարներով հանդէս եկան ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» եւ «Արագած» մասնաճիւղերը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տիկնանցը, ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, «Քրիստափոր» եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւնները, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը եւ Համազգայինի հրատարակչատան գրատարածը:

Տօնախմբութեան աշխատանքները համակարգող շրջանի «Իշխան» կոմիտէն այս առիթով պատրաստած էր Նոր Սիսի պատմականն ու ներկան ներկայացնող պրոշիւրներ, որոնք բաժնուեցան տաղաւարներու այցելուներուն: Պրոշիւրին մէջ տեղ գտած էին նաեւ Նոր Սիսի մէջ գործող ազգային կառոյցներու դերն ու առաքելութիւնը:

Յետմիջօրէին, տօնախմբութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ «Վանայ ձայն»-ը` եկեղեցւոյ շրջափակէն ուղղակի հարցազրոյցներ կատարելով եկեղեցւոյ թաղականութեան, Նոր Սիսի ազգային-կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ տաղաւարներու պատասխանատուներուն հետ:

Տօնախմբութիւնը յայտագիրին վրայ ունեցաւ մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական բաժիններ: Կիրակնօրեայ վարժարաններու «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը իր խաղերով ու երգերով զուարճացուց տօնախմբութեան ներկայ բազմահարիւր փոքրիկները, որոնք անմոռանալի ժամ մը անցուցին ծաղրածուին, «Տոնալտաք»-ին, «Միքի»-ին եւ անոնց ընկերներուն հետ:

Յաջորդեց ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի սկաուտներուն չարքաշ խաղերու ներկայացումը` պարանով շէնքէ վար իջնել, բերանով հրավառութիւն կատարել եւ այլն: Պատանիներ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բաւական վտանգաւոր այս խաղերուն:

Երեկոյեան, Այնճարի տաւուլ-զուռնային հայկական թաղամասեր շրջագայութեամբ ազդանշանը տրուեցաւ տօնախմբութեան վերջին բաժինին` երիտասարդական երգահանդէսին, որուն ներկայ գտնուեցան շրջանի մեծ թիւով երիտասարդներ: Սեդօ Պաղտասարեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ, ժողովրդային եւ ազգային-հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան Ալիս Իփրաճեան, Հայկ Վարդանեան, Հրաչ Կայծակեան, Յարութ Լափաճեան եւ Սերոբ Օհանեան: Երգահանդէսը տեւեց աւելի քան երկու ժամ: Ներկաները երգեցին ու ազգային ոգեւորութեան յիշատակելի պահեր ապրեցան` աւանդական տօնախմբութեան մը գօտեպնդիչ մթնոլորտին մէջ: Երգահանդէսը կրնար աւելի երկարիլ, եթէ… անձրեւը չյիշեցնէր, թէ Ս. Սարգիս է եւ յաջորդ օր տօնախմբութիւնը ունի իր շարունակութիւնը` եկեղեցական արարողութեամբ եւ աւանդական մատաղօրհնէքով:

Նախորդը

Մեծն Ս. Գրիգորի Ասպետի Քահանայապետական Շքանշանով Պարգեւատրուեցաւ Ազգային Գործիչ Եւ Լրագրող Սարգիս Նաճարեան

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Իսմայիլլի Քաղաքին Որոշ Շրջաններուն Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուած Է

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.