Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 26, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ կոչ ուղղեց մշակելու յարմար եւ արդար ընտրական օրինագիծ մը` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը պահանջ է եւ զայն ձախողեցնելու որեւէ կոչ իսրայէլեան կոչ է:

ԵՐԿՈՒ անծանօթ զինեալներ երէկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին ձեռնառումբ մը նետած են Պաալպեքի երեսփոխան Քամել Ռիֆայիի բնակարանին դէմ: Ձեռնառումբը պատճառած է նիւթական վնասներ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ իրենք Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մօտ շօշափած են Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքը պատժելու միտումներ: Ան ըսաւ, որ եթէ ընտրական խառն օրինագիծին առումով լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութիւն գոյանայ, ապա իրենք այդ օրինագիծին հետ հարց չեն ունենար:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի մը մշակման առումով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի անհատական ընտրաշրջաններու հիման վրայ երկու հանգրուանով կատարուելիք ընտրական օրինագիծ մը մշակելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի դէմ Քֆարտըպիանի ճամբաները փակելու քայլը դատապարտելի է` աւելցնելով, որ փողոցին մէջ ցուցադրական արարքներ կատարող կարգ մը կողմերը կը կարծեն, թէ յաւելեալ ժողովրդականութիւն ձեռք պիտի ձգեն եւ պիտի վերածուին քրիստոնեայ հերոսներու:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Քըպպէ շրջանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուեցաւ անձնական հարց մը Շաար եւ Սայտաուի ընտանիքներուն միջեւ: Հարցը վերածուեցաւ զինեալ բախումի, որուն պատճառով արձանագրուեցան երկու վիրաւորներ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ` խախտելով Լիբանանի օդային սահմանները եւ ոտնձգութիւններ գործելով երկրին գերիշխանութեան դէմ:

ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ ընտրական օրէնքի խորհրդարանական ենթայանձնախումբին կատարած քննարկումներուն` Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ հերքեց Մուսթաքպալի հաւանութիւնը խառն ընտրական օրինագիծին` աւելցնելով, որ իրենք պարզապէս պատրաստակամութիւն յայտնած էին քննարկելու այդ օրինագիծը:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւրներու համաձայն, ֆրանսական դատական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Ֆրանսայի մէջ լիբանանցի արգելափակեալ Ժորժ Ապտալլան ազատ արձակելու եւ զայն Լիբանան ուղարկելու: Նոյն աղբիւրները զգուշացուցին լիբանանեան պետութիւնը` ի պատիւ Ապտալլայի պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպելէ, հեռու մնալու համար ամերիկեան հակազդեցութիւններէ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ կան որոշ պահանջներ, որոնք պէտք է ամբողջացուին ընտրական օրէնքին առումով: Ան նշեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին պատասխանատու ըլլալու յատկութիւնը կրնայ ճշդել միայն Սահմանադրական խորհուրդը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտաքին հարցերու խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ իրենք կը մաղթեն, որ ընտրական օրէնքին շուրջ իսկական լուծումներ գոյանան:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ եթէ այլընտրանք մը կարելի չըլլայ գտնել, ապա կարելի է 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները կը մղեն որդեգրելու Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը:

 

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Սուրիոյ Հարցով Հաշուի Նստիլ Ռուսիոյ Կարծիքին Հետ» Կ՛ըսէ Քերրի

Յաջորդը

Մըր. «Ընտրազանգուածն Է, Որ Ինքզինք Կը Պարտադրէ Որեւէ Ընտրական Օրէնքի»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.