Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Սուրիոյ Հարցով Հաշուի Նստիլ Ռուսիոյ Կարծիքին Հետ» Կ՛ըսէ Քերրի

January 26, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Քերրի

Ծերակուտական Ճոն Քերրի երէկ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ, ուր կը քննարկուի իր` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելու հարցը, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Սուրիոյ հարցով հաշուի նստիլ Ռուսիոյ կարծիքին հետ եւ կը փափաքին այդ երկրին մէջ խնդիրի լուծման տարբերակ մշակել` Մոսկուայի դիրքորոշումը հաշուի առնելով: Նշենք, որ ան լսումներուն իբրեւ արդիւնք արժանացաւ Ծերակոյտի մեծամասնութեան աջակցութեան:

«Մենք կը կարծենք, որ ընդդիմութիւնը պէտք է որքան կարելի է շուտ իշխանութիւն ստանայ եւ Պաշշար Ասատ պէտք է հեռանայ… Ռուսիան, եթէ հարցուի անոր դիրքորոշումը, նոյնպէս կը կարծէ, որ Ասատ պէտք է հեռանայ, սակայն Ռուսիան ատոր ձեւերուն եւ ժամանակային սահմաններուն վերաբերեալ այլ մօտեցում ունի: Արտաքին գործոց նախարարի դերին մէջ իմ խնդիրս պիտի ըլլայ բոլոր «խաղացողներու» դիրքորոշումները միաւորել եւ ընդհանուր կարծիք ձեւաւորել», ըսաւ Քերրի:

Ան նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգները սուրիական տագնապի լուծման բոլոր տարբերակները կ՛ուսումնասիրեն, սակայն խաղաղ ճամբան առաւել ընդունելի կը նկատեն:

Ծերակուտականներու մեծամասնութիւնը հաւանութիւն տուաւ Ճոն Քերրիի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին առաջադրման:

«Դուք տոկունութիւն եւ առանձնայատուկ տեղեկացուածութիւն ցուցաբերեցիք յանձնախումբի լսումներուն ժամանակ` բոլոր հարցերուն մէջ», լսումներու աւարտին ըսաւ անոնց նախագահող Ռոպըրթ Մենենտես: Համանախագահ Ռոպըրթ Քորքըր իր կարգին յայտարարեց, որ Քերրի ծերակոյտին կողմէ «յառաջիկայ օրերուն» պիտի հաստատուի իր պաշտօնին վրայ:

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենան շարք մը հանդիպումներ, որոնք պիտի պսակուին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ յառաջիկայ ամիս գումարուելիք վեհաժողովով մը, որուն նպատակը Սուրիոյ տագնապի լուծման «սկզբունքներուն» ճշդումն է, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին, ամերիկեան ուժերու Աֆղանիստանէն հեռացումին Մոսկուայի կողմէ «դիւրացման» եւ Եւրոպայի մէջ հակահրթիռային համակարգերու տեղակայման հարցերու քննարկումը:

Աղբիւրները նշեցին, որ այդ ժողովները կը ներառեն 29 յունուարին Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելիք զեկուցումը եւ Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն ներկայացուցիչներուն` հանդիպումի Մոսկուայի առաջարկին «ընդառաջումը», Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի Իպրահիմիի հետ հանդիպումը` քննարկելու համար սուրիական տագնապի Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ լուծումը եւ փոխանցման հանգրուանի մանրամասնութիւնները` «նկատի առնելով գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը»:

Արեւմտեան աղբիւրները նշեցին, որ ընդդիմութեան զէնքի մատակարարումը վերջին շաբաթներուն նուազած է` տալու համար այն ցուցանիշը, թէ արեւմտեան երկիրները պատրաստ են սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում մը փնտռելու եւ գործադրելու լուծումի առաջին կէտը` «բռնարարքներու դադրեցումը»: Աղբիւրները սակայն նշեցին, որ եւրոպական նախարարաց խորհուրդը 30 յունուարին պիտի քննարկէ Սուրիա զէնք ուղարկելու արգելքը վերցնելու բրիտանական առաջարկ մը: Այդ որոշումի աւարտի ժամկէտը, որ նախապէս երեք ամիսով երկարաձգուած էր, յառաջիկայ ամսուան վերջաւորութեան կ՛աւարտի:

Աղբիւրները յայտնեցին, որ Օպամա-Փութին վեհաժողովին ընթացքին տագնապի լուծման սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյանալէն ետք պիտի որդեգրուի ՄԱԿ-ի ուխտի 6-րդ յօդուածին հիմամբ Ապահովութեան խորհուրդի որոշում մը, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայում պիտի ներառէ:

«Մայատին» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը հաղորդեց, որ Քրեմլին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի առաջարկած ծրագիրը սուրիական տագնապի լուծումին հիմքը կը նկատէ:

Միւս կողմէ, «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ բրիտանական ոստիկանութիւնը արեւելեան Լոնտոնի մէջ ձերբակալած է 31 տարեկան այր մարդ մը, որ ամբաստանուած է Սուրիոյ մէջ «ահաբեկչական աշխատանք»-ին աջակցելով:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը արգիլած է Սէուտական Արաբիոյ «Սֆինքս» մակնիշի ատրճանակներու մատակարարումը` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ զէնքերը կրնան սուրիական ընդդիմութեան ձեռքը յայտնուիլ եւ օգտագործուիլ մարդկային իրաւանց խախտման նպատակով:

Զուիցերիական ատրճանակներու բեռը պէտք էր նախ տեղափոխուէր Միացեալ Նահանգներ, ապա` Սէուտական Արաբիա: Ըստ համաձայնագիրին, ատրճանակները նախատեսուած էին թագաւորական պահակագունդին համար: Գործարքին արժէքը կը գնահատուէր 45 միլիոն զուիցերիական ֆրանքով (48 միլիոն տոլար):

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Տաւոսի մէջ գումարուած նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ալեւիական կամ քրտական փոքր պետութեան մը ստեղծումը կարելի չէ: «Եթէ արտաքին գրգռութիւն մը չըլլայ, Սուրիոյ մէջ անջատ պետութեան մը կարելիութիւնը անհաւանական կը նկատեմ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Անգարա փոխանցման հանգրուանին ընթացքին Ասատի վարչակարգը պիտի ընդունի՞, ան ըսաւ, որ այդ հարցը Անգարա, Ուաշինկթըն կամ Լոնտոն պիտի չճշդեն, այլ` սուրիացի ժողովուրդը:

«Իբրեւ Թուրքիա, մենք բոլոր սուրիացիներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ ենք: Երբ սուրիացի մը տեսնենք, մենք անոր մէջ միայն եղբայր մը կամ քոյր մը կը տեսնենք, անկախ անոր ծագումէն կամ յարանուանութենէն», ըսաւ Տաւութօղլու:

 

Նախորդը

Եգիպտոսի Յեղափոխութեան 2-րդ Տարեդարձը Նշուեցաւ Մեծ Հաւաքներով Եւ Բախումներով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.