Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ երբ ինք կը յայտարարէ, թէ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը լիբանանեան պետութենէն գերիվեր է, ապա ինք ըսել կ՛ուզէ, թէ ինչ որ պատահեցաւ ուղղակիօրէն կապուած է արտաքին դրդապատճառներու եւ կարելի չէ անոր դէմ դնել բացի լիբանանեան միասնականութեամբ:
Շարպել յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանան կը դիմագրաւէ 1948-էն ի վեր ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանը:
Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը բարելաւելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց Լիբանանը այլոց հարցերէն զանց կացուցելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ բոլոր լիբանանցիներուն վրայ անխտիր, «հետեւաբար, մենք չենք կրնար ընտրական օրինագիծի մը շուրջ հսկայ բանավէճերու մէջ մտնել, երբ երկրին կայունութիւնը խախուտ է», ըսաւ ան:


