Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 21, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլայ Մլատինով Հըզպալլան պիտի ամբաստանէ Պուլկարիոյ մէջ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ փոխադրող պասը պայթեցնելու յանցանքով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէի դէմ յարձակումը արձանագրուեցաւ Քարամէի շքախումբին մաս կազմող թիկնապահներուն եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի զօրակից զինեալներուն միջեւ կրակոցներուն պատճառով:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ շարունակուող հարցերը վարչապետին դէմ ուղղուած պատգամներ են: Ան ընդգծեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի արժանի չէ այդ պատգամներուն, որովհետեւ ան ազգային կերպով կ՛աշխատի եւ իր երկրին սիրոյն կը գործէ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը համայնքային է եւ կը խախտէ Թաէֆի համաձայնագիրը: Խուրի շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծին մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքը ազգային է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի մշակած օրինագիծին ապահովական նմանակը նախկին նախարար Միշել Սմահայի կողմէ Լիբանանի մէջ գործադրուելիք ծրագիրն էր:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական, նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքը հիմնական խոչընդոտը կը մնայ` քաղաքական թէ ապահովական որեւէ խախտում իսկական կերպով լուծելու առումով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը կը մնայ ամէնէն հաւանականը` խորհրդարանին վաւերացումը ստանալու առումով:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն համամասնական դրութիւնը, այնքան ատեն որ Հըզպալլա չէ ապազինուած:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի եւ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր շեշտեցին, որ միջազգային ընտանիքը ըմբռնում պիտի չցուցաբերէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու իմաստով:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ընտրական արդի օրէնքի մը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ եթէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին շուրջ միջքրիստոնէական համախոհութիւն  գոյանայ, ապա իրենք չեն կրնար այդ օրինագիծը մերժել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ վերահաստատեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին մասին իր մերժողական կեցուածքը` աւելցնելով, որ անիկա քրիստոնեաներուն դէմ սպառնալիք է:

 

 

Նախորդը

«Ասատ Եւ Իր Ընկերները Ուշ Կամ Կանուխ Պիտի Հեռանան, Եւ Ժողովուրդը Զանոնք Հաշուետուութեան Պիտի Կանչէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

«Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Կարելի Է Հակակշռել Միայն Երկխօսութեամբ» Շեշտեց Շարպել

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.