Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու Եւ Մարդկային Իրաւանց Րասենեակի Դիտորդական Առաքելութեան Ղեկավարը

January 12, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու գրասենեակի  դիտորդական առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Հէյտի Թալիաւինին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան դրական գնահատեց Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու գրասենեակին միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ ընտրական հոլովոյթներու կատարելագործման ուղղութեամբ կառոյցին կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեան համար:

Նախարար Նալբանդեան վերահաստատեց 18 փետրուարին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւնները միջազգային չափանիշերուն համապատասխան կատարելու Հայաստանի իշխանութիւններու վճռականութիւնը: Նախարարը ընդգծեց, որ միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցաբար ծաւալուն բարեփոխումներ իրականացուած են` մասնաւորաբար անցեալ տարի կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն տարի մը առաջ ընդունուած եւ ուժի մէջ մտած է  նոր ընտրական օրէնսգիրքը, որ արժանացած է Վենետիկի յանձնախումբին եւ գրասենեակի հաւանութեան:

Դեսպան  Թալիաւինի շնորհակալութիւն յայտնեց դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով գրասենեակին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յղուած հրաւէրին համար եւ վստահեցուց, որ դիտորդական առաքելութիւնը անաչառ պիտի ըլլայ:

Նախարարը նշեց, որ նախորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւնները դրական գնահատուած են միջազգային կառոյցներուն կողմէ, որոնք նաեւ համապատասխան առաջարկներ կատարած են ընտրական հոլովոյթները բարելաւելու նպատակով:

Դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը տեղեկացուց, որ մօտ ապագային Հայաստան պիտի ժամանեն գրասենեակի դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած երկարաժամկէտ դէտերը, եւ դիտորդական առաքելութիւնը պիտի սկսի աշխատիլ ամբողջական ծաւալով: Կը  նախատեսուի, որ ընտրութիւններուն ընթացքին յաջորդեն 24 երկարաժամկէտ եւ շուրջ 250 կարճաժամկէտ դէտեր:

Նախարար Նալբանդեան, իր կարգին, վերահաստատեց արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստակամութիւնը, իր իրաւասութիւններուն ծիրին մէջ օժանդակելու դիտորդական առաքելութեան աշխատանքներուն:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Դատական Մարմինը Կը Պահանջէ Վերատեսութեան Ենթարկել Տինքի Սպանութեան Գործը

Յաջորդը

Երեւան Եւրոպական Միութեան Եւ Եւրասիական Միութեան Միջեւ Հակադրութիւն Չի Տեսներ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.