Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Դատական Մարմինը Կը Պահանջէ Վերատեսութեան Ենթարկել Տինքի Սպանութեան Գործը

January 12, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Այս դատը այսպէս չ՛աւարտիր»

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վճռաբեկ հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը պահանջած է վերատեսութեան ենթարկել Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14-րդ դատարանի` «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ վճիռը:

Դատարանը վճռած էր ցմահ բանտարկութեան դատապարտել սպանութեան կազմակերպիչներէն Եասին Հայալը, իսկ մարդասպան Էօկիւն Սամասթը դատապարտուած էր 22 տարի բանտարկութեան: Դատարանը վճռած էր, որ սպանութեան ետին որեւէ յանցաւոր խմբաւորում չկայ:

Այժմ վճռաբեկ դատախազութիւնը կը պահանջէ չեղեալ նկատել վճիռը այն մասին, որ սպանութեան ետին կազմակերպուած խմբաւորում չէ եղած:

Դատախազութեան զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կազմակերպուած խմբաւորման գործունէութեան արդիւնք եղած է: Արդարացուած եւ ազատ արձակուած կասկածեալ Էրհան Թունճելը ծրագրած է սպանութիւնը եւ Սամասթը դրդած սպանութեան:

Վերջնական վճիռը պիտի կայացնէ 9-րդ վճռաբեկ դատարանը:

Դատախազութեան համոզումով, Տինքի սպանութիւնը չափազանց վտանգաւոր յանցագործութիւն եղած է եւ ուղղուած եղած է պետութեան միասնութեան խաթարման:

«19 յունուար 2007-ին, զուտ այլ կրօնի եւ ազգի ներկայացուցիչ ըլլալու պատճառով տեղի ունեցած Ֆըրաթ (Հրանդ) Տինքի սպանութիւնը համակարգուած, ծրագրուած եւ կազմակերպուած խմբակի գործունէութեան իբրեւ արդիւնք իրականացած է: Խմբաւորման բոլոր անդամները տեսանք. սպանութիւնը ծրագրած էր Էրհան Թունճելը: Տինքը սպաննուած էր զուտ այլ կրօն դաւանելու պատճառով: Անոնց նպատակը քաոս յառաջացնելն էր», ըսուած է զեկուցումին մէջ:

Նախորդը

Ժընեւի Հանդիպումին Մասնակիցները Համամիտ Գտնուած Են, Որ Սուրիական Տագնապին Զինուորական Լուծում Չկայ

Յաջորդը

Նալբանդեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու Եւ Մարդկային Իրաւանց Րասենեակի Դիտորդական Առաքելութեան Ղեկավարը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.