Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարան – Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Ստեղծում

January 11, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9 յունուարին Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի շէնքին մէջ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Եւրոպական խորհրդարան – Հայաստան բարեկամական խումբի ստեղծումը` նախագահութեամբ դոկտ. Էլենի Թէոխարուսի (Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս) եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Ազգային ժողովի 25 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մը` Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ: Բարեկամութեան խումբի ստեղծման ներկայ էր նաեւ Եւրոպական Միութեան կրթութեան, մշակոյթի, բազմալեզուականութեան եւ երիտասարդական հարցերու  յանձնակատար Անտրուլա Վասիլիու: Բացումի պաշտօնական խօսքերուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը` ներկայ պելճիքահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ անձնաւորութիւններուն համար:

Եւրոպական խորհրդարան – Հայաստան բարեկամութեան խումբի ստեղծման գաղափարը յղացաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը, եւ Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ եւ դոկտ. Էլենի Թէոխարուսի անվերապահ համաձայնութեամբ` ստանձնելու խումբի պատասխանատուութիւնն ու նախագահութիւնը, յաջողութեան հասաւ սոյն նախաձեռնութիւնը:

Եւրոպական խորհրդարան – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Էլենի Թէոխարուս իր խօսքին մէջ նշեց, որ ան մեծ պատուով ստանձնած է սոյն պաշտօնը, որ իրարու աւելի մօտեցնէ Եւրոպական Միութիւնն ու Հայաստանը, եւ թէ այս խումբը Հայաստանի դէպի Եւրոպական Միութիւն ճամբան աւելի լայն կը բանայ: Ան շարունակելով ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը անցեալին եղած է ցեղասպանութեան զոհ Թուրքիոյ կողմէ, ճնշուած` խորհրդային կարգերու կողմէ եւ ինքզինք ազատած ազրպէյճանական լուծէն` Արցախի անկախութեամբ: Թէոխարուս իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ «հայկական մշակոյթով, երաժշտութեամբ, արուեստով ու բանաստեղծութեամբ եւ մասիսներու կախարդական ներկայութեամբ մենք հոգեպէս միա՛յն կը հարստանանք»:

Ապա Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան խօսք առնելով բարձր գնահատեց այս խումբին կազմութիւնը, որ աւելի պիտի խթանէ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան կապերը, որոնք ներկայիս արդէն կը գտնուին ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ: Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը նշեց Հայաստանի կառուցողական մասնակցութիւնը Եւրոպական Միութեան զանազան ծրագիրներուն, ինչպիսին են Արեւելեան դրացնութիւնը, Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովը, ներկայիս ընթացքի մէջ եղող եւ գրեթէ իր աւարտին հասնելիք Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան համագործակցութեան համաձայնագիրը եւ Խոր ու համապարփակ առեւտրական ազատ գօտիի համաձայնագիրն ու այցեգիրերու ազատ համակարգը: Յովիկ Աբրահամեան յատկապէս նշեց Ազրպէյճանի ապատեղեկատուութիւնը Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մէջ, եւ թէ բարեկամութեան խումբի անդամները իրենց կարելին կ՛ընեն ու պիտի ընեն բացայայտելու իրականութիւնը, որպէսզի ճիշդ կողմնորոշուի Եւրոպական խորհրդարանը:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունելով խումբի կազմութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երեսունէ աւելի եւրոպացի երեսփոխաններ ընդունած են մաս կազմել բարեկամութեան այս խումբին, անոնց կարեւոր մէկ մասը ներկայ էր եւ ստորագրութեամբ վաւերացուց իր մասնակցութիւնը, իսկ պիտի շարունակուի աշխատանքը ապահովելու համար այլ եւրոպացի երեսփոխաններու անդամակցութիւնը: Գասպար Կարապետեան բարձր գնահատելով Էլենի Թէոխարուս – Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն – ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակ համագործակցութիւնը, իր վստահութիւնը յայտնեց, որ այս խումբը պիտի ունենայ յաջող աշխատանքային ծրագիր եւ գործունէութիւն, ա՛լ աւելի մօտեցնելով Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը` խորհրդարաններու ճամբով: «Ծրագրի մէջ է Եւրոպական խորհրդարանի անդամներու այցելութիւնը Հայաստան եւ Արցախ», ըսաւ Կարապետեան:

 

 

Նախորդը

Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը` Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հայկական Համայնքը Նոր Օրինագիծ Պիտի Ներկայացնէ Ծերակոյտին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.