Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը` Անթիլիասի Մէջ

January 11, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայ Եւ Յոյն Ժողովուրդները Արդարութիւն
Կը
Պահանջեն Ցեղասպան Թուրքէն»

Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մենք Պիտի Շարունակենք Հայ Ժողովուրդի
Կողքին
Պայքարիլ Ի Խնդիր Արդարութեան»

Ընդգծեց Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս

Երէկ, հինգշաբթի, 10 յունուար 2013-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս: Նախագահին կ՛ընկերանար նախարարներէ ու երեսփոխաններէ բաղկացած 18 հոգինոց պատուիրակութիւն մը:

Նախ եւ առաջ նախագահը եւ Արամ Ա. կաթողիկոս առանձին հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Կիպրոսի յարաբերութեանց եւ կիպրահայ համայնքին եւ ազգային պահանջատիրութեան առնչուած հարցեր:

Ապա վեհարանի դահլիճին մէջ վեհափառ հայրապետն ու նախագահը իրենց ողջոյնի խօսքերը արտասանեցին: Իր խօսքին մէջ, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Կիլիկեան շրջանէն սկսեալ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրօնական եւ այլ մարզերուն մէջ: Վեհափառը յայտնեց, որ Կիպրոսը մնայուն ներկայութիւն եղած է հայ ժողովուրդի կեանքին ու պատմութեան մէջ: Ապա ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ երկու ժողովուրդները եղած են ճակատագրակից` ենթարկուելով նոյն ցեղասպան թուրքին հալածանքներուն, բռնագրաւման ու ջարդին: Հետեւաբար, «այսօր մեր երկու ժողովուրդները պահանջատէր են. մեր դատը արդարութեան դատ է: Երբ թուրքը կ՛ուրանայ իր գործած ցեղասպանութիւնը, երբ թուրքը կը շարունակէ բռնագրաւումի տակ պահել Կիպրոսի կէսը, միջազգային համայնքը պէտք չէ անտարբեր մնայ` միջազգային օրէնքը անտեսող Թուրքիոյ այս քայլերուն նկատմամբ», ըսաւ վեհափառը: Խօսելով կիպրահայ համայնքի մասին` վեհափառը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց պետութեան ցուցաբերած հոգածութեան գծով: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած շրջաններուն մէջ գտնուող Սուրբ Մակարայ վանքին, առաջնորդարանին, եկեղեցւոյ, դպրոցին ու ազգապատկան կալուածներուն, եւ յիշեցուց նախագահ Խրիսթոֆիասին, որ պէտք է բարւոք լուծում մը գտնուի` միջազգային օրէնքի լոյսին տակ, բռնագրաւուած կալուածներու հարցին:

Վեհափառ հայրապետը կը պարգեւատրէ Խրիսթոֆիասը

Ապա վեհափառ հայրապետը Կիլիկեան «Իշխան»-ի կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը:

Խօսք առնելով նախագահ Խրիսթոֆիաս անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան. ան ըսաւ` «ամբողջութեամբ կը բաժնեմ վեհափառ հայրապետին արտասանած խօսքը, երբ ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան ու նաեւ երկու ժողովուրդներու միացեալ պայքարին ի խնդիր արդարութեան»: Նախագահը լայնօրէն խօսեցաւ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի կղզիին գրաւման մասին` նշելով. «Կիպրոսի գրաւումը կը շարունակուի Թուրքիոյ կողմէ: Թուրքիան նոյնիսկ արգելք կը հանդիսանայ կիպրացի թուրքերու հետ մեր երկխօսութեան: Թուրքիան վտանգաւոր ծրագիրներ ունի ոչ միայն Կիպրոսի, այլեւ ամբողջ շրջանին նկատմամբ», ըսաւ Կիպրոսի նախագահը: Ապա աւելցուց. «Հայ եւ յոյն ժողովուրդները զինակից են արդարութեան համար տարուող պայքարին մէջ»: Ապա նախագահը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Կիպրոսի հայութեան գծով` շեշտելով, որ գրաւեալ շրջաններուն մէջ գտնուող ազգապատկան կալուածներու հարցը Կիպրոսի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետապնդել:

Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետն ու նախագահը ուղղուեցան Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատուռը, ուր վեհափառ հայրապետը հոգւոց արտասանեց մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգիներուն համար եւ լայն բացատրութիւններ տուաւ նախագահ Խրիսթոֆիասին ընդհանրապէս ցեղասպանութեան ու յատկապէս Տէր Զօրէն Անթիլիաս փոխադրուած նահատակներու աճիւններուն մասին:

Նախագահին ընդունելութեան վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, Լիբանանի առաջնորդը, միաբան հայրեր, երեք հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, պետական հայ նախարարներ ու երեսփոխաններ:

Նոյն երեկոյեան, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ի պատիւ Կիպրոսի նախագահին ճաշկերոյթ մը սարքեց, որուն ներկայ եղաւ նաեւ վեհափառ հայրապետը: Նոյն գիշերն իսկ, միօրեայ այցելութեան աւարտին, Կիպրոսի նախագահը վերադարձաւ Կիպրոս:

Նախորդը

Կիպրոսի Նախագահը Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարան – Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Ստեղծում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.