Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիպրոսի Նախագահը Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան

January 11, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խրիսթոֆիաս եւ Սլէյման` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Կիպրոսի նախագահ Տմիթրիս Խրիսթոֆիաս երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու եւ հոգեւոր պետերու հետ:

Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանելէ եւ հանգստանալէ ետք, Կիպրոսի նախագահը ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր դիմաւորուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահներ Սլէյման եւ Խրիսթոֆիաս շեշտեցին երկկողմանի մտերմութիւնը զօրացնելու, գործակցութիւնը աշխուժացնելու եւ յատկապէս երկու երկիրներուն ջուրերուն մէջ գտնուող բնական կազի ու քարիւղի բնական հարստութենէն օգտուելու միացեալ քայլեր առնելու եւ քարիւղի ու կազի պեղման նախաձեռնելու հեռանկարները:

Զոյգ նախագահները հաստատեցին նաեւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Խրիսթոֆիաս բարձր գնահատեց Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ որդեգրուած չէզոք կեցուածքը` աւելցնելով, որ Կիպրոս մտահոգ է, որ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն կրնայ ազդուիլ նաեւ Լիբանանը:

Անհրաժեշտ է նշել, որ նախագահներուն հանդիպումէն ետք ստորագրուեցան երկկողմանի համաձայնագիրներ, որոնցմէ մէկը կը վերաբերէր ճարտարարուեստի մարզին:

Պըրրիի Մօտ

Խրիսթոֆիաս այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ շեշտեց, թէ Լիբանան պատրաստ է Կիպրոսի հետ գործակցելու քարիւղի եւ կազի բնական հարստութեան պեղման առումով:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի խստիւ դատապարտեց շրջանին մէջ կիրարկուած «կառուցողական քաոս» կոչուող քաղաքականութիւնը` զայն նկատելով Միջին Արեւելքի դէմ լուրջ վտանգներու դուռ բացող քաղաքականութիւն մը:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին ընդունեց Կիպրոսի նախագահը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել լիբանանեան-կիպրական փոխադարձ գործակցութիւնը, յատկապէս տնտեսական առումով, ինչպէս նաեւ երկկողմանի մտերմութիւնը:

Նշենք, որ Խրիսթոֆիաս այցելեց նաեւ Նահատակաց հրապարակ, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց Նահատակաց յուշարձանին:

Նախորդը

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Զօր. Աունի Հետ Իր Դաշինքով Հանգիստ Է» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը` Անթիլիասի Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.