Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Բանակը Վճռեց Տարայայի Ճակատագիրը. Ընդդիմութիւնը Կը Փորձէ «Երեսի Ջուր»-ը Պահել

January 9, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԹՈՒԱՆ ՀԱՅԵՔ

Սուրիայէն հակասական լուրեր կը հաղորդուին բանակին ու զինեալ ընդդիմութեան վիճակին մասին: Այդուհանդերձ, Դամասկոսի շրջակայ գիւղերէն վերջերս փախուստ տալով Լիբանան հասած գաղթականներ կը յայտնեն, որ պետական բանակը մեծ ճեղքեր բացած է ընդդիմութեան հակակշիռին ենթակայ գօտիներուն մէջ` հասնելով մինչեւ «հականեխումը» (սուրիական պաշտօնական բառամթերքէն) բազմաթիւ գիւղերու եւ աւաններու:

Ասոնցմէ կարեւորագոյնը Տարայան է, որ զինուորական առումով ինկած կը սեպուի: Նոյն աղբիւրները կ՛ըսեն, որ բանակը, թէկուզ դանդաղօրէն, կը յառաջանայ բոլոր ճակատներուն վրայ եւ իր յառաջխաղացքի ճամբաները կը հարթէ սաստիկ ռմբակոծումներով: Այդ ռմբակոծումներուն սաստկութիւնը կը ձգէ «այրած հող»-ի մարտավարութեան մը տպաւորութիւնը, որովհետեւ անիկա գրեթէ ամբողջովին կը քանդէ ընդդիմադիր զինեալներուն հակակշիռին տակ գտնուող շրջանները: Այդպէս է վիճակը Տարայայի եւ զայն շրջապատող այն գիւղերուն, որոնցմէ կ՛անցնին Տարայայի ուղղութեամբ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող ճամբաները: Ուրեմն ընդդիմութեան բոլոր հատուածներուն համար միջնաբերդերէն, ուժի կեդրոններէն ու կռուաններէն մին համարուող Տարայան ու անոր շրջակայքը գտնուող գիւղերը ամբողջովին պաշարուած են բանակին կողմէ:

Այս վիճակը իր հետեւանքները ունեցաւ ընդդիմութեան զինեալներու պարենաւորումին ու խուսանաւելու հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ բարոյականին ու կազմակերպուած դիմադրութիւն ցուցաբերելու կարողութեան վրայ: Անոնք բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ տուին վերջին օրերուն:

Մարտական գործողութիւններու այս ընթացքին պատճառով սուրիական հարցին հետ անմիջական առնչութիւն ունեցող երկիրները բուռն հակազդեցութիւններ ունեցան: ՕԹԱՆ փութացուց Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ «Փաթրիոթ» հրթիռներու տեղակայումը` Թուրքիան սուրիական հրթիռներէն պաշտպանելու պատրուակով: Այլ երկիրներ սաստկացուցին սուրիական վարչակարգին դէմ իրենց ոճը եւ անոր ուղղեցին ջարդեր գործելու ամբաստանութիւններ:

Նոյն զարգացումները առիթ դարձան ռուսական նոր յայտարարութիւններու, որոնք պաղեստինցիներու Եարմուք գաղթակայանի վիճակին ու հոն պատահած կամ պատահելիք բոլոր աղէտներուն պատասխանատու հռչակեցին ընդդիմութեան զինեալներն ու անոնց նեցուկ կանգնողները: Ռուսիա նախանցեալ շաբաթ նաեւ յայտարարեց, որ չի ճանչնար «Սուրիական ընդդիմադիր համախմբում»-ի որեւէ պաշտօնական հանգամանք, սակայն պատրաստ է հաղորդակցելու անոր հետ` ի խնդիր սուրիական բարդ ճգնաժամին քաղաքական լուծումի մը որոնման: Մոսկուա նաեւ զգուշացուց, որ վերջին շրջանին Սուրիոյ ճգնաժամը ստացաւ միջհամայնքային պատերազմի բնոյթ. բան մը, որ կը սպառնայ ամբողջ շրջանին:

Ակնյայտ է, որ Սուրիոյ մէջ իրարու բախող հակամարտ զօրակայանները, գետնի վրայ կռուողներու յառաջխաղացքին միջոցով կը փորձեն կէտեր ու դիրքեր շահիլ իրենց միջազգային մակարդակի մրցակցութեան մէջ: Հարցի այս երեսէն դուրս կը մնան շրջանային դերակատարները, եւ միջազգային այս հարթութեան վրայ պայքարը մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներուն եւ Արեւմուտքին եւ, միւս կողմէ, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ է:

Այս խորապատկերին վրայ ծայրագոյն արեւելքցի դիւանագէտ մը  հաւանական կը նկատէ, որ Սուրիոյ մէջ դէպքերը «տրամաթիք» զարգացումներ ունենան, մանաւանդ որ տագնապին կողմերը հասած են «շիշի վիզ»-ին: Այս դժուարին կացութեան պատճառն է Ուաշինկթընի պնդումը, որ գոնէ մասնակի յաղթանակով մը հատուցում ստանայ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ իր կրած պարտութիւններուն: Յաղթանակ մը նաեւ պիտի դիւրացնէ Ուաշինկթընի զինուորական պիւտճէի քննարկումները այն պահուն, երբ ամերիկեան տնտեսութիւնը անդունդի ծայրին է. ամերիկեան այս դժուարութիւններէն առաւելագոյնս կ՛օգտուի Չինաստան, որ համաշխարհային տնտեսական հակակշիռ կը հաստատէ եւ կ՛ազդարարէ ամերիկեան տոլարի տնտեսական լուսապսակի խաւարումը, կը բացատրէ նոյն աղբիւրը:

Ծայրագոյն արեւելքցի դիւանագէտը կ՛ըսէ, որ ամերիկեանին չափ կարեւոր է ռուսական կեցուածքը, թէեւ Մոսկուա կ՛ըսէ, թէ զինք հետաքրքրողը Պաշշար Ասատի ճակատագիրը չէ, այլ` Սուրիոյ ճակատագիրը. այնուհանդերձ, ան անզիջող կը մնայ եւ կառչած` Սուրիոյ կացութեան իրեն ապահոված շահերուն (աւելի մեծ ներկայութիւն` պատմական երազ Տաք ջուրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` քարիւղի եւ բնական կազի կարեւորագոյն ճանապարհներուն վրայ), հետեւաբար անկարելի է, որ Մոսկուա հրաժարի սուրիական վարչակարգէն, որ երկրի բաժանման ընտրանքը մերժելով` կ՛ուզէ կա՛մ ամբողջ երկիրը պահել, կա՛մ ամբողջութիւնը կորսնցնել:

Այս տուեալներէն մեկնելով` նոյն դիւանագէտը հաւանական կը նկատէ, որ յառաջիկայ մէկ-երկու ամիսներուն սուրիական վարչակազմը գործածէ ցարդ գաղտնի պահուած զինուորական խաղաքարտ մը, որուն մէջ դեր պիտի ունենան Չեչենիոյ մէջ փորձառութիւն ձեռք ձգած ռուս զինուորական մասնագէտներ:

«Նաշրա»

Նախորդը

Ն. Սարաֆեանի Ծննդեան 110 Եւ Մահուան 40-ամեակ

Յաջորդը

Սուրիոյ Նախագահին Եւ Ընդդիմութեան Միացեալ Ջանքերով Ձախողութեան Մատնուեցաւ Լ. Իպրահիմի. Սուրիոյ Մէջ Միջազգային Միջնորդութիւնը Խափանելու Դրդապատճառները

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.