Տար Ֆաթուա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ոչ մէկ նպատակ ունի երկարաձգելու իր նստաշրջանը, որ կ՛աւարտի 15 սեպտեմբեր 2014-ին:
Հաղորդագրութիւնը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ միւֆթի Քապպանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն խնդրած է երկարաձգել իր նստաշրջանը:


