Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 4, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ 6 իսրայէլեան օդանաւեր երէկ առաւօտեան ժամը 10:12-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:10 թռիչքներ գործած են հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն վերեւ` հասնելով մինչեւ Շեքքա:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պէտք է հակակշիռի տակ առնէ դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ պետական տեղեկագիրները ցոյց կու տան, թէ մինչեւ անցեալ ամիս Լիբանան մուտք գործած են շուրջ 150 հազար սուրիացի գաղթականներ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է ըլլայ չէզոք երկիր եւ իսլամ ու քրիստոնեայ կրօններուն հանդիպման վայրը: Իր խօսքը ուղղելով ազգային երկխօսութիւնը մերժող քաղաքական կողմերուն` կարտինալ Ռայի հաստատեց, որ երկխօսութեան մերժումը ամօթալի է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ 13 հազար պաղեստինցի գաղթականներ հասած են Լիբանան` աւելցնելով, որ անոնց մեծ մասը Եարմուքի պաղեստինեան գաղթակայանէն են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը չէ, որ իր յարաբերութիւնները խզած է Հըզպալլայի հետ, այլ` «Հըզպալլա ինք իր յարաբերութիւնները խզեց մեզի հետ»:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը շատ վտանգաւոր դարձած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ազգային երկխօսութեան եւ ընտրական յատուկ օրինագիծին քննարկումին վերաբերող նիստերը իրարու չեն առնչեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ իշխանամէտ քաղաքական ուժերը չեն փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ Լիբանան յաւելեալ սուրիացի գաղթականներ չի կրնար ընդունիլ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը իսկական հաւասարութիւն կը տրամադրէ լիբանանցիներուն` անոնց ներկայացուցչութեան առումով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Միխայել Տահեր յայտնեց, որ նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի մշակած ընտրական օրինագիծը լաւապէս սերտուած է եւ անիկա կը մնայ ներկայիս առաջարկուած ընտրական լաւագոյն օրինագիծը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցութիւնը ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգի, որովհետեւ անոր որոշումներուն գործադրութիւնը կարգ մը քաղաքական ուժերու չի պարտադրուիր:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստերուն պիտի չմասնակցի, որովհետեւ քաղաքական բոլոր ուժերը իրենց մասնակցութիւնը չեն բերեր այդ նիստերուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին մշակումը ազգային հիմնահարց է եւ պէտք է առաջնահերթութիւն նկատուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պիտի չհրաժարի` աւելցնելով, որ արտօնուած չէ Լիբանանը փոխադրել դէպի համայնքային բախումի դժոխք:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց մերժելու համայնքային ու յարանուանական բաժանումի դրութիւնը եւ վերադառնալու Ազգային երկխօսութեան նիստին:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ գտնուեցաւ ական մը, որ ուսումնասիրուեցաւ բանակին սակրաւորներուն կողմէ: Սակրաւորներուն աշխատանքէն ետք ի յայտ եկաւ, որ ականը պատրաստ չէր պայթելու, որովհետեւ անոր պայթուցիչը չէր միացուած:

 

 

Նախորդը

Վերահաստատելէ Ետք, Որ Ասատ Չի Կրնար Քաղաքական Փոխանցման Հանգրուանին Մասնակցիլ. «Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ Եւ Իպրահիմի Սուրիոյ Հարցը Պիտի Քննարկեն Յունուարի Կէսերուն» Կ՛ըսէ Նուլընտ

Յաջորդը

Տար Ֆաթուա. «Հանրապետութեան Միւֆթին Իր Նստաշրջանը Պիտի Չերկարաձգէ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.