Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին տեղակալ Կրիկորի Քարասին երէկ ընդունեց Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Այտըն Ատնան Սեզկինը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խնդիրը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու որոշ հարցեր:


