ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ ներկայացուց նախորդ տարուան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը: Ան ընդգծեց, որ 2012-ին տեղի ունեցան Հայաստանը շահագրգռող բազմաթիւ իրադարձութիւններ, որոնց մէկ մասը բնական էր, միւս մասը` ոչ:
Մանոյեան յայտնեց, որ այս տարի նկատելի էր յստակ քաղաքականութեան բացակայութիւն, իսկ կարելի է ըսել, որ Հայաստան արտաքին քաղաքականութիւն չունեցաւ:
Մանոյեան շեշտեց, որ Հայաստան յստակ արտաքին քաղաքականութիւն չի վարեր: Ան աւելցուց, որ խնդիրը կապուած է հիմնականին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: «Եթէ արտաքին գործոց նախարարութիւն չունինք, անոր պատճառն է նաեւ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի վարած քաղաքականութիւնը: Յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան մէջ ոմանք շատ աշխուժ են, ոմանք ալ անձնական հարցեր կը փորձեն լուծել իբրեւ դեսպան», նշեց Կիրօ Մանոյեան: Ան աւելցուց, որ նախորդ տարուան ընթացքին տեղի ունեցան շարք մը իրադարձութիւններ, որոնք կրնային ի նպաստ Հայաստանին ընթանալ, բայց այդպիսի բան տեղի չունեցաւ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն նշեց, որ ատիկա նաեւ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ու հետեւանքներու վերացման: Տակաւին ոչ մէկ նախագահ յստակ քաղաքականութիւն վարած է այս ուղղութեամբ: Մանոյեան ընդգծեց, որ Հայաստան յստակ մարտավարական քայլեր չձեռնարկեց Ֆրանսայի հետ կապուած: Ըստ Մանոյեանի, Հայաստան ընդհանրապէս չէր մտածեր, որ Թուրքիա ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի այդ ծրագիրը խափանէ:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանի դիրքորոշման եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն, դաշնակցական գործիչը նշեց, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ վարել հակահայկական քաղաքականութիւն եւ կը փորձէ ամէն ձեւով միջազգային հանրութիւնը կաշառել: Ինչ կը վերաբերի շրջանին մէջ ընթացող հոլովոյթներուն, ապա, ըստ նախագահին, Հայաստանի համար անոնք լուրջ մարտահրաւէրներ էին: Ան աւելցուց, որ յատկապէս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները այսօր ալ Հայաստանի համար սպառնալիք եւ լուրջ մարտահրաւէրներ են: Մանոյեան նշեց, որ արտաքին քաղաքականութեան բարելաւման համար կան երկու կարեւոր գործօններ, որոնք պէտք է միշտ պահպանուին. իշխանութիւնները պէտք չէ ներքին բախում յառաջացնեն եւ արտաքին մարտահրաւէրներն ու զարգացումները պէտք չէ զոհ դառնան:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին` Մանոյեան նշեց, որ ի նպաստ այդ հոլովոյթին տարեսկիզբին ալ ոչինչ կ՛ակնկալուէր: «Պարզ էր, որ ոչ մէկ յառաջընթաց տեղի պիտի չունենայ, իսկ Հունգարիոյ հետ գործարքը փակուղի մտցուց այդ հոլովոյթը: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ մենք այլեւս ընելիք չունինք: Մենք պէտք է մտածենք Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ աշխատանքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման միջազգային ճանաչման մասին», շեշտեց Կիրօ Մանոյեան:


