Ներքին գործոց նախկին նախարար Զիատ Պարուտ երէկ «Ախպար» օրաթերթին կատարած իր յայտարարութեամբ տրամադրութիւն յայտնեց իբրեւ անկախ թեկնածու ներկայանալ երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութեանց, եթէ մաս չկազմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կազմելիք ընտրացանկին:
Պարուտ աւելցուց, որ տակաւին կը սերտէ իր քայլերը` հաւանական նկատելով իբրեւ պարզ քուէարկող ներկայանալ` նշեալ երկու կարելիութեանց ձախողութեան պարագային:


