Սուրիական Թալքալախ շրջանին մէջ զոհուած ու անհետացած լիբանանցիներու եւ Ռումիէի մէջ բանտարկուած իսլամականներու ընտանիքները երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեցին, որ այսօր` ուրբաթ կէսօրին, Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ խորհրդանշական նստացոյց մը պիտի կազմակերպեն` սպառնալով սաստկացնել իրենց քայլերը, «եթէ պատկան կողմերը անհրաժեշտ քայլերու չդիմեն այս հարցին լուծման համար»:
Հաղորդագրութիւնը պետութենէն պահանջեց աշխատանք տանիլ` փրկելու համար պատանդներ Հասսան Սրուրը եւ Մոհամետ Ռիֆահին, ինչպէս նաեւ փակել Ռումիէի բանտին մէջ արգելափակուած իսլամականներուն թղթածրարը, որ հինգ տարիէ ի վեր անլոյծ է:


