Փոխադրութեան եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ղազի Արիտի պատկերասփռուած յայտարարութեան մը ընթացքին ըսաւ, որ «վճռած ենք երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնել ճշդուած ժամկէտին», պատրաստակամութիւն յայտնելով մասնակցելու քննարկումին ընտրական օրէնքի մը, որուն շուրջ համախոհութիւն գոյանայ բոլոր կողմերուն միջեւ: Ան մերժեց ընդունիլ ընտրութիւններու յետաձգման որեւէ արդարացում:
«Ոչ մէկ օր սակարկութեան դիմած ենք», ընդգծեց Արիտի` նշելով, որ ինք ստանձնած է Հըզպալլայի հետ հաղորդակցութեան կապը, ուր ոչ մէկ սակարկութիւն արծարծուած է:


