Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ տեսակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ: Անոնք միասնաբար խորհրդակցեցան երկրին ընդհանուր իրադրութեան եւ յատկապէս` Տար Ֆաթուայի կրօնական խորհուրդի ընտրութեանց շուրջ:
Հանդիպումի աւարտին, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին առաջարկած է նշեալ ընտրութիւնները յետաձգել 2-3 ամիսով` միջին եզրի մը յանգելու համար: Ան աւելցուց, որ այս գծով խորհրդակցած է նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ: Միքաթի այս առիթով վերահաստատեց հանրապետութեան միւֆթիին իր զօրակցութիւնը:


