Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սահակաշվիլիի Կուսակցութիւնը Պիտի Չկարենայ 5 Առ Հարիւրի Արգելքը Յաղթահարել» Կ՛ըսէ Իվանիշվիլի

December 28, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պիծինա Իվանիշվիլի

Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի յայտարարեց, որ արտակարգ ընտրութիւններու կատարման պարագային նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւնը խորհրդարան մուտք պիտի չգործէ:

Իվանիշվիլի «Քվերիս Փալիթրա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Սահակաշվիլիի կուսակցութիւնը պիտի չկարենայ յաղթահարել 5 առ հարիւրի արգելքը:

«Եթէ անոնք արտակարգ ընտրութիւններ ուզեն, ընտրութիւններու պիտի երթանք, սակայն ես չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէ՛ս անոնք պիտի կարենան յաղթահարել 5 առ հարիւրի արգելքը», ըսած է ան:

Ըստ Պիծինա Իվանիշվիլիի, «ազգայիններուն» ոչ ոք ձայն պիտի տայ: «Ինչո՞ւ անոնք կը մտածեն, որ ժողովուրդը ոչինչ կը հասկնայ եւ չի վերլուծեր», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Վրաստանի մէջ 1 հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Վրացական երազանք դաշինքը խորհրդարանին մէջ տիրացած էր 85 աթոռի, իսկ Սահակաշվիլիի ղեկավարած կուսակցութիւնը` 65 աթոռի: Աւելի ուշ քանի մը երեսփոխաններ լքած էին նախագահին գլխաւորած կուսակցութեան շարքերը:

Սահակաշվիլի Դեսպաններ Նշանակելու
Իրաւունքը
Իվանիշվիլիի Փոխանցելու Համար
Պայմաններ
Ներկայացուցած Է

«Վրեմիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իվանիշվիլի յայտնած է, թէ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի ներկայացուցած է այն պայմանները, որոնց դիմաց միայն պիտի համաձայնի դեսպաններ նշանակելու իրաւունքը փոխանցել նոր կառավարութեան: Այդ պայմաններն են` նոր կառավարութիւնը պէտք է չեղեալ նկատէ իր` Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը վերահսկելու ցանկութիւնը եւ դադրեցնէ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ձերբակալութիւնները:

«Երկրորդ ամիսն է, որ մեզի թոյլ չեն տար դեսպան նշանակել: Հաւանաբար, անոնց ձեռնտու չէ դեսպաններու փոփոխութիւնը», ըսած է Իվանիշվիլի:

Ըստ անոր, «դեսպանները կ՛աշխատին մեզի դէմ»:

«Դեսպանները արտասահմանցի գործընկերներուն կ՛ըսեն, թէ իշխանութեան եկած է «կործանարար ուժ եւ մաֆիա», նշած է Իվանիշվիլի: Ահա այդպիսի «համագործակցութիւն» կը կատարուի Սահակաշվիլիի կողմէ:

Վրացական երազանքը մինչեւ հիմա կրցած է տուն կանչել միայն մէկ դեսպան` Քոնսթանթին Կապաշվիլին` Իտալիայէն:

Ըստ արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէի, մէկ ամիս առաջ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Կէորկի Պոքերիայի միջոցով նախագահ Սահակաշվիլիին փոխանցուած է քանի մը երկիրներէն տուն կանչուելիք դեսպաններուն ցուցակը: Դեսպաններ նշանակելու եւ տուն կանչելու իրաւունքը կը պատկանի Վրաստանի նախագահին:

Այդ ցուցակին մէջ են նաեւ դեսպաններ, որոնք չեն ուզեր Վրացական երազանքին հետ աշխատիլ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու մէջ Վրաստանի դեսպանը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Վրաստանի մնայուն ներկայացուցիչը:

Վրաստանի Նոր Կառավարութիւնը
Սահակաշվիլիի
Յունուարին Պաշտօնը
Լքելու
Հարցին Վրայ Պիտի Չպնդէ

Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Վրաստանի նոր կառավարութիւնը Սահակաշվիլիի` նախագահի պաշտօնը յունուարին լքելու հարցին վրայ պիտի չպնդէ:

Ան յայտնեց, որ եթէ Վրացական երազանք դաշինքը սկսի ատիկա պահանջել եւ նախագահին անվստահութիւն յայտնելու հոլովոյթին նախաձեռնէ, «ապա ատիկա միջազգային ընտանիքին անհասկնալի պիտի թուի»:

«Պէտք է երկրին հեղինակութիւնը պահպանել», ըսած է ան` ընդգծելով, որ սահմանադրութեան մէջ հակասութիւն կայ` նախագահը կ՛ընտրեն հինգ տարիով, իսկ նոր ընտրութիւնները պիտի կատարուին հոկտեմբերին (Սահակաշվիլի նախագահ ընտրուած էր յունուար 2008-ին):

Իվանիշվիլի նոյն ատեն չէ բացառած, որ Վրացական երազանքը պիտի ջանայ, որ ժամանակէն շուտ գործողութեան մէջ դրուին սահմանադրութեան այն դրոյթները, որոնք կը սահմանափակեն նախագահի լիազօրութիւնները, այժմ զանոնք կը նախատեսուի գործադրել 2013-ի ընտրութիւններէն ետք:

Վարչապետը նախագահի պաշտօնի լաւագոյն թեկնածու կը նկատէ երեսփոխան Վախթանգ Խմալածէն:

 

Նախորդը

Իվանիշվիլի Այլեւս Պաքու – Թիֆլիս – Կարս Երկաթուղիի Իրականացման Մէջ Խնդիրներ Չի Տեսներ

Յաջորդը

Ընդդիմադիր Ազգային Փրկութեան Ճակատը Հաստատեց, Որ Մուրսիի Երկխօսութեան Հրաւէրը Լրջօրէն Պիտի Քննարկէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.