Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իվանիշվիլի Այլեւս Պաքու – Թիֆլիս – Կարս Երկաթուղիի Իրականացման Մէջ Խնդիրներ Չի Տեսներ

December 28, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իվանիշվիլի եւ Ալիեւ

«Կրուզնիա օնլայն» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի նախապէս կը յայտարարէր, որ տնտեսապէս անիմաստ կը նկատէ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի կառուցումը եւ մտադիր է այդ նախագիծէն հրաժարելու, սակայն երէկ ան Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ այդ հարցով հապճեպ յայտարարութիւն կատարած է եւ իրականութեան մէջ այդ նախագիծի հարցին մէջ անոր համար որեւէ խնդիր չկայ:

«Ես նախապէս կը յայտարարէի, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի կառուցումէն ետք, կրնայ ըլլալ որ վրացական երկաթուղիներով բեռներու փոխադրումները կը նուազին: Սակայն ատիկա հապճեպ յայտարարութիւն էր: Իրականութեան մէջ այդ հարցին մէջ խնդիրներ չկան», յայտարարած է Իվանիշվիլի Պաքուի մէջ` Ազրպէյճանի վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի հետ հանդիպումին աւարտին:

Անդրադառնալով Ալիեւի հետ իր հանդիպումին` Իվանիշվիլի ըսած է, որ հանդիպումը շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած է: «Եւ այդ հանդիպումին ժամանակ ես նշած եմ, որ նշեալ յայտարարութիւնը հապճեպ կատարուած է, ու այդ հարցին մէջ որեւէ խնդիր չկայ», ըսած է ան:

Պատասխանելով կազի սակագիներուն մասին լրագրողի մը հարցումին` Վրաստանի վարչապետը նշած է, որ Ազրպէյճանը Վրաստանին շատ մատչելի գինով կազ կը մատակարարէ: «Ես Ազրպէյճանի նախագահին եւ կառավարութեան ղեկավարին իմ գոհունակութիւնս յայտնած եմ Վրաստանի համար այդպիսի պայմաններ ստեղծելու առնչութեամբ», ըսած է ան:

Իվանիշվիլի նաեւ արտայայտուած է Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ հանդիպումէն իր տպաւորութեան մասին: «Ես տեսայ, որ ասիկա իրական պետութիւն է, որ իր ժողովուրդին, իր երկրին համար մեծ աշխատանք կը տանի: Ազրպէյճանի պետութիւնը հեռատեսութեամբ կը վերաբերի երկրի կառավարման: Ազրպէյճանի նախագահին եւ վարչապետին հետ հանդիպումէն ետք ես համոզուեցայ, որ մեր երկիրներուն միջեւ հիանալի յարաբերութիւններ կան: Եւ եթէ մեր մէջ որոշ հարցեր ծագին, ապա մենք զանոնք բարեկամական մթնոլորտի մէջ կրնանք հարթել», նշած է Իվանիշվիլի:

Նախորդը

Թրքական Օդուժը Ռմբակոծեց Հիւսիսային Իրաքը

Յաջորդը

«Սահակաշվիլիի Կուսակցութիւնը Պիտի Չկարենայ 5 Առ Հարիւրի Արգելքը Յաղթահարել» Կ՛ըսէ Իվանիշվիլի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.