
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Պահրէյնի ամբողջ տարածքին բարձրացած է շիիներու բողոքի ալիքը: Հազարաւոր ցուցարարներ կը պահանջեն 1971-էն ի վեր երկիրը ղեկավարող կառավարութեան անդամներուն եւ վարչապետին հրաժարականը:
Մեծ ցոյց մը տեղի ունեցած է մայրաքաղաք Մանամայէն ոչ հեռու գտնուող հին Տիայի մէջ: Մայրաքաղաքի արեւմուտքը ցուցարարներ հաւաքուած են Լուլուա հրապարակին վրայ եւ երկրին կառավարութենէն պահանջած փոփոխութիւններ կատարել:
Հակառակ ցոյցը ցրուել փորձած ոստիկանութեան դիմադրութեան, Պահրէյնի մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը, եւ քաղաքացիները փոքրամասնութիւն կազմող իշխող սիւննիներէն կը պահանջեն իրենց աւելի շատ ազատութիւն եւ իրաւունքներ տրամադրել:


