Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Խորհրդակցութիւններ` Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Շուրջ

December 24, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբթուան ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քեչեճեանի, Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս եպս. Միրիաթեանի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին ներկայացուցիչներուն հետ: Յիշեալ հանդիպումներուն նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Տեմիրճեան: Հանդիպումներուն նպատակն էր նախ մօտէն իմանալ Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան ու յատկապէս` հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարիքներուն մասին:

Վեհափառ հայրապետը նախ տեղեակ պահեց սուրիահայութեան հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուները դեսպաններուն, քաղաքական պատասխանատուներուն եւ օտար բարեսիրական կառոյցներուն հետ Սուրիոյ առնչութեամբ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնց ներկայացուց սուրիահայութեան օժանդակութեան համար ստացուած գումարներուն մանրամասնութիւնները:

Խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք եզրակացուեցաւ հետեւեալը.

ա) Յստակ առաջնահերթութիւն տալ մեր ընտանիքներու առօրեայ կեանքին առնչուած կարիքներուն:

բ) Շարունակել, գէթ մասամբ, ամսաթոշակներ յատկացնել կրթական ու ազգային կառոյցներուն մէջ ծառայողներուն:

գ) Կապ պահել բոլոր կողմերուն հետ` հայ առեւանգեալներու ազատ արձակման համար եւ մեր ժողովուրդի ապահովութիւնը առաւելագոյն չափով երաշխաւորելու հեռանկարով:

դ) Ամրապնդել Սուրիոյ հայութեան ներքին միասնականութիւնը` յատկապէս ժողովուրդի կարիքներուն առանց խտրութեան օգտակար ըլլալու յստակ յանձնառութեամբ:

Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս ողջունեց Սուրիոյ մեր հոգեւոր առաջնորդներուն ու համայնքային պատասխանատուներուն սերտ գործակցութիւնը եւ միասնաբար ժողովուրդին ծառայելու նուիրումը: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ իր բարձր գնահատանքը եւ խոր գոհունակութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ցարդ մասնակից դարձած էին սուրիահայութեան օժանդակութեան` կաթողիկոսարանին կողմէ բացուած դրամատնային հաշիւին փոխանցելով իրենց նիւթական նպաստը: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ կոչ ուղղեց նոյն ոգիով ու պատրաստակամութեամբ շարունակելու մեր օժանդակութիւնը Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, յատկապէս այս շրջանին, երբ ձմրան եղանակին վառելանիւթի եւ սննդամթերքի կարիքը սկսած է աւելի զգալի դառնալ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Պահրէյնի Ընդդիմութիւնը Կառավարութեան Հրաժարականը Կը Պահանջէ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.