Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չի Բացառուիր, Որ Մինչեւ 2015 Թուականը Բազմաթիւ Այլ Պետութիւններ Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

December 22, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 19 դեկտեմբերին, «Յենարան» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ հաւանական է մեծ թիւով պետութիւններ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Չի բացառուիր, որ մինչեւ 2015 թուականը բազմաթիւ պետութիւններ կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, յատկապէս այն պետութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր Հայոց ցեղասպանութիւնը չեն ճանչցած ոչ թէ անոր համար, որ չեն ընդունիր իրողութիւնը, այլ անոր համար, որ չեն ուզած իրենց յարաբերութիւնները փճացնել Թուրքիոյ հետ», նշեց Մանոյեան:

Խօսելով 2012-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ ձեռքբերումներու մասին` Մանոյեան ընդգծեց, որ եթէ մինչեւ այսօր կը բարձրացուէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցը, ապա այս տարի նաեւ աշխուժացաւ հատուցման, հետեւանքներու վերացման հարցը, որ պէտք է մինչեւ վերջ պնդել: ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն ընդգծեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները ոչ միայն լարուած են, այլ նաեւ այն շրջափակումը, այն վերաբերմունքը, որ Թուրքիա կը ցուցաբերէ Հայաստանի նկատմամբ` պատերազմի այլ ձեւ մըն է: Ըստ Մանոյեանի, իմաստ չունի ակնկալել, որ որոշ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան մինչեւ 2015 թուականը: Մանոյեան յայտնեց, որ Թուրքիա որոշ քայլերու կը ձեռնարկէ` ցոյց տալու համար, որ իբր թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ որոշ յառաջընթաց կայ եւ ատիկա կրնայ աւելի աշխուժանալ յառաջիկայ տարուան ընթացքին:

«Թուրքիան տակաւին կը փորձէ երկխօսութիւն սկսիլ սփիւռքի որոշ կազմակերպութիւններուն հետ, այնպիսիներուն հետ, որոնք աղերս չունին այս խնդիրներուն հետ եւ փորձառութիւն ալ չեն ունեցած: Թուրքիա ատիկա կը փորձէ ցոյց տալ իբրեւ երկխօսութեան ճիգ, սակայն Թուրքիոյ նոյն կարծր կեցուածքին շարունակութեան ականատես եղանք` Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները պայմանաւորելով Ղարաբաղի հարցով: Մեր առաջարկն է սեղանին վրայ դնել նախագիծ մը երեք պարբերութեամբ` Հայաստան – Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ, ճամբաներու բացում եւ հարցերու լուծում միջազգային իրաւունքին համապատասխան», յայտնեց Մանոյեան:

Ըստ Մանոյեանի, յառաջիկայ տարի արտաքին քաղաքական խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ Եւրասիական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու որոշակիացումը. Հայաստան պէտք է որոշէ իր յարաբերութիւններուն մակարդակը:

Դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ այս խնդիրները որոշելու ընթացքին առաջնահերթ պէտք է ըլլայ Հայաստանի անկախութեան եւ ապահովութեան պահպանումը:

Անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն` Մանոյեան նշեց, որ պատերազմի հաւանականութիւնը մեծ չէ, «քանի որ Ազրպէյճան որքան ալ յոխորտայ, որքան ալ զինադադարը խախտէ, պատերազմ պիտի չսկսի, քանի որ վստահ չէ, որ պիտի յաղթէ, անոր համար ալ չի համարձակիր պատերազմ սկսիլ»:

Ըստ Մանոյեանի, թէ՛ Ազրպէյճան, թէ՛ Թուրքիա կը փորձեն տարբեր քաղաքական ծիրերու մէջ, ուր հայերու ներկայութիւնը աւելի քիչ է, որոշ առաւելութիւններ ձեռք բերել: «Երբ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը կ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, ատիկա կը վկայէ այն մասին, որ Թուրքիոյ խուճապը հետզհետէ կը մեծնայ», յայտարարեց Մանոյեան: Ան աւելցուց նաեւ, որ սխալ պիտի ըլլայ ըսել, որ Թուրքիա հզօր պետութիւն է եւ աւելի կը հզօրանայ:

«Ինչ կը վերաբերի Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման, ապա կը կարծեմ, որ այդ առումով չի կրնար խնդիր ըլլալ, եւ անհրաժեշտ գործիքները ստանալէ ետք օդակայանը պիտի սկսի իր գործունէութեան», նշեց Մանոյեան: Ան շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութեան դիրքորոշումը յստակ է այս հարցին մէջ. «Եթէ մեր թռիչքները թիրախ դառնան, ապա նոյնը պիտի ըլլայ ազրպէյճանական թռիչքներուն հետ»:

Նախորդը

Ճոն Քերի` Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Թեկնածու

Յաջորդը

«Սուրիահայերուն Գումարային Օգնութեան Յատկացումը Ողջունելի Է» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.