
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ երեկոյեան յայտնած է, որ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ճոն Քերիին թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին համար:
Հայաշատ Մասաչուսեց նահանգէն ծերակուտական ընտրուած ե՛ւ, ըստ հայկական լոպիինկի կազմակերպութիւններու, բազում առիթներով հայանպաստ դիրքորոշում դրսեւորած Քերի պիտի փոխարինէ Հիլըրի Քլինթընը:


