Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիահայերուն Գումարային Օգնութեան Յատկացումը Ողջունելի Է» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

December 22, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժիրայր Ռէյիսեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան օրեր առաջ յայտարարած էր, որ այս անգամ «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը սուրիահայերուն պիտի օգնէ գումարով:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ այս որոշումը կը նպաստէ սուրիահայերուն, եւ այսպիսով շատ աւելի անհրաժեշտ եւ առաջնահերթ խնդիրներ կրնան լուծուիլ:

«Ես տեղեակ եմ այդ նախաձեռնութեան մասին, շատ ողջունելի է այդ որոշումը, որովհետեւ կան բաներ, զորս կարելի չէ փոխանցել օդանաւով: Այստեղ սուրիահայերը ունին վառելիքի հարց. բնականաբար, փայտ, մազութ կամ կազ չէին կրնար ուղարկել, իսկ երբ գումարը ըլլայ, ատիկա հաւասարապէս պիտի բաշխուի այստեղի հայերուն միջեւ, եւ անոնք ըստ անհրաժեշտութեան ատիկա կը ծախսեն: Եւ քանի որ հիմնական պակասը այստեղ վառելիքն է` վառելանիւթերը եւ նոյնինքն վառարանները, այդտեղէն նախաձեռնութիւնը, բնականաբար, վառարան չէր կրնար փոխադրել երկրէ երկիր, այդ պատճառով յատկապէս կարեւոր կը նկատեմ «Օգնի՛ր եղբօրդ»-ի այս որոշումը», յայտնեց Ռէյիսեան:

«Մենք այս ընթացքին բաւական շատ գումար յաջողեցանք հաւաքել: Ատիկա աւելի կը շատցնենք եւ տարեմուտին կ՛ուղարկենք Հալէպ», «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան:

Գալստեան նշեց, որ դրամական միջոցը այս պահուն կը կազմէ 41 միլիոն 200.000 դրամ եւ 750 հազար ռուսական ռուպլի, որ համարժէք է 25.000 ամերիկեան տոլարին, եւ «բացի անկէ` մեր միջնորդութեամբ Գագիկ Ծառուկեան 100 հազար տոլար արդէն ուղարկած է Սուրիա: Մեկնելով սուրիահայերու կարիքներէն, նաեւ անկէ, որ դրութիւնը այնտեղ սարսափելի կերպով լարուած է, կայ օդանաւով տեղափոխելու հարց, խորհրդակցեցանք տեղւոյն շտապ օգնութեան կազմակերպութեան հետ, ուր ներառուած են համայնքը ներկայացնող կառոյցները, եւ աւելի նպատակայարմար գտանք նիւթական միջոցներ ուղարկել. կարիքները հոգալու համար այդ եղանակը շատ աւելի գործնական պիտի ըլլայ», ըսաւ Լ. Գալստեան:

Ան նաեւ նշեց, որ պահեստներուն մէջ տակաւին բաւական կուտակուած սննդամթերք ունին, եւ զանոնք ալ մինչեւ տարեվերջ պիտի բաժնեն Հայաստանի մէջ հաստատուած կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն: «Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ երեխաներուն անպայման ամանորեան նուէրներ պիտի ընենք, ես կը կարծեմ, որ յաջորդ տարի պիտի շարունակենք այսօրինակ օգնութիւնները: Եւ գումարի տեսքով առաջին օգնութիւնը պիտի ուղարկենք տարեմուտին», իր խօսքը եզրափակեց Լ. Գալստեան:

Նախորդը

«Չի Բացառուիր, Որ Մինչեւ 2015 Թուականը Բազմաթիւ Այլ Պետութիւններ Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Նախազգուշացնէ Հայաստանը Մաքսային Միութեան Անդամակցելէ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.