Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր շաբաթավերջին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց` բաց նստացոյցի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին մէջ:
Ան զօրակցութիւն յայտնեց պաղեստինցիներուն` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կը ծառայէ իրանեան ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ կրցած է ճնշում բանեցնել լիբանանեան պետութեան վրայ` ի խնդիր իրանեան շահերու ապահովման:
Շէյխ Ասիր նշեց, որ իրենք շիի համայնքին հետ հարց չունին` աւելցնելով, որ իրենց հարցը Հըզպալլայի հետ է եւ նկատել տուաւ, որ հարկ է Սայտայի մէջ զինեալ դիմադրութեան ջոկատներ կազմել, աւելցնելով սակայն, որ տակաւին այդ իմաստով վերջնական որոշում չէ տրուած: Ասիր նաեւ ըսաւ. «Մենք շիի համայնքին հետ հարց չունինք, իսկ Թաամիրի միջադէպը պատահած էր, որովհետեւ Հըզպալլայի համակիրներուն նպատակն էր սիւննի-շիի գրգռութիւններ հրահրել»: Շէյխ Ասիր կոչ ուղղեց բոլորին` ազգային գոյակցութիւնը շարունակելու կրօնամոլութեամբ, որովհետեւ շրջանին մէջ կրօնամոլութիւնը կամայ թէ ակամայ պիտի սաստկանայ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ անցեալ չորեքշաբթի օր կառավարութեան նիստէն ետք Սայտա ուղղուած էր, նախարարաց խորհուրդին խոստացած էր Ասիրի հետ չտեսակցիլ: Սակայն Ասիրի հետ Շարպելի հանդիպումին մասին
վարչապետ Միքաթի տեղեակ պահուած էր եւ վերջինս իսկոյն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր Շարպելի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին Շարպել հերքած էր Ասիրի հետ իր հանդիպումին մասին տեղեկութիւնները: Բայց եւ այնպէս աւելի ուշ բացայայտուեցաւ, որ Շարպել վարչապետ Միքաթիի հեռաձայնային հաղորդակցութեան պատասխանած էր շէյխ Ասիրի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:


